Սիւզի Կէնտիկեան Պաշտպանած Է Տիտղոսը

 Մասնագիտական բռնցքամարտի կանանց թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ WBA վարկածով աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կէնտիկեան իրականացուցած է հերթական մենամարտը`պաշտպանելով տիտղոսը:

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայացած մենամարտին Գերմանիան ներկայացնող 28-ամեայ մարզուհին միաւորներով յաղթած է խորուաթ Նեւենա Միքուլիչին:

Կէնտիկեան 36-րդ յաղթանակը տարած է մասնագիտական շրջանին, ուր կրած է նաեւ 2 պարտութիւն: Ան նախորդ մենամարտը իրականացուցած էր 2015 թուականի Հոկտեմբեր 4-ին` մրցավարներու միաձայն որոշմամբ յաղթելով մեքսիքացի Սուսանա Գրուզ Փերեսին:

Scroll Up