Տոլման Հայկական Ամենասիրուած Կերակուրն Է

Sputnik Արմէնիայի իրականացուցած հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց  տուած են, որ քուէարկածներուն մեծ մասը`70,2%-ը, հայկական խոհանոցի ճաշատեսակներէն կը նախընտրէ տոլման:

«Ձեր կարծիքով հայկական խոհանոցի ո՞ր ճաշատեսակը աւելի հանրաճանաչ է» հարցին հարցուածներուն 13,9%-ը պատասխանած է` խաշլաման, 8,7%-ն ընտրած է «հարիսա» տարբերակը, իսկ մասնակիցներուն 6,6%-ն ընտրած է քիւֆթան: Եւ միայն 0,7%-ը համարած է, որ հայկական խոհանոցի յայտնի ճաշատեսակներէն է ղափաման:

Հարցումը իրականացուած է Յուլիս 14-28 ինկած ժամանակահատուածին: Հարցումին մասնակցած է 450 մարդ:

«Տոլմա» բառը կը կապեն «տոլի» բառին հետ, որ կը նշանակէ «խաղողի տերեւ»: Տոլմա պատրաստելու համար հարկաւոր է միսի երեք տեսակ` խոզի, տաւարի եւ  փոքր ոչխարի միս: Միսի խճողակը կը փաթթեն խաղողի տերեւներու մէջ եւ կ’եփեն: Հայաստանի մէջ տոլման աւանդաբար կը մատուցուի մածուն-սխտորով:

Աղբիւրը` Sputnik Արմէնիա

Scroll Up