«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Ծիրէն Ներս Տեղի Պիտի Ունենայ Ասմունքի Համահայկական 5-րդ Փառատօնը
2016 թ. Օգոստոս 1-5 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի ծիրէն ներս Շուշիի մէջ կ’իրականացուի Ասմունքի ամէնամեայ հինգերորդ փառատօնը, որ կը կազմակերպուի «Աւան Շուշի Պլազա» հիւրանոցի, ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 2-ին` ժամը 19:00-ին, «Աւան Շուշի Պլազա» հիւրանոցին մէջ:
Փառատօնին պիտի մասնակցին 6-18 տարեկան 113 աշակերտ 7 երկրէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, ՌԴ-էն, Վրաստանէն:
Փառատօնը կ’աւարտէ Օգոստոս 5-ին: Ըստ տարիքային խումբերու` կ’որոշուին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ մրցանակային տեղեր զբաղեցնողները:
Փառատօնի ծիրէն ներս կը կազմակերպուին նաեւ այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր, Զոհուած ազատամարտիկներու թանգարան, Սուրբ Ղազանչեցոց, Գանձասար եւ Կանաչ ժամ եկեղեցիներ, Տիգրանակերտ, Հունոտի կիրճ, Տաթեւի վանք, Քարահունջ: Կ’իրականացուին նաեւ երեկոյեան տօնակատարութիւններ: