Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան Թեմի Ուխտաւորները
Յուլիս 26-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց թեմի ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս քահանայ Զոհրապեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Ուխտաւորներուն ներկայացնելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին` Տ. Կոմիտաս խօսեցաւ Հայրենիքէն ստացած անոնց տպաւորութիւններուն մասին եւ հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ողջունելով ուխտաւորներու այցը Հայրենիք եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն, իր մասնաւոր գնահատանքը փոխանցեց Տ. Կոմիտասին, որուն նախաձեռնութեամբ հայորդիները ուխտաւորաբար ժամանած էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Անդրադառնալով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հոգեփրկչական առաքելութեան` Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ թէ՛ Հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ ստանձնած է նաեւ հայապահպանութեան պատասխանատու գործը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընդգծելով այսօրինակ ուխտագնացութիւններու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ ըսաւ, որ ատոնք լաւագոյն ճանապարհներէն են հայ ժողովուրդի ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրացնելու եւ ամրացնելու առումով: Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը փաստեց, որ Հայրենիք կատարուող ուխտագնացութիւնները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն, որպէսզի հայորդիները հասակ առնեն որպէս Հայրենիքի ու նախնեաց արժանաւոր զաւակներ եւ յետնորդներ իրենց հայրերու ստեղծած հարուստ ժառանգութեանը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ կրթութեան ոլորտին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ իրականացուցած առաքելութեան, Հայոց Հովուապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու հարցերուն:
Հանդիպման աւարտին իր հայրապետական օրհնութիւնը բերելով ուխտաւորներուն` Նորին Սրբութիւնը աղօթեց, որ Երկնաւոր Տիրոջ քաղցր հայեացքի ներքոյ անոնք շարունակեն ապրիլ` նոյն նախանձախնդրութեամբ փարուած մնալով Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքին: