«Արցախեան Ղօղանջներ». Ես Հպարտ Եմ, Որ Հայուհի Եմ, Եւ Սիրտս Ալ Կը Զարնէ Հայերէն

Նարինէ  Գրիգորեան…կը նայիմ 11-րդ  դասարան  փոխադրուած  իմ աշակերտուհիիս, որ  զինուորներուն հետ   նկարուած էր,  հիացմունքս  չեմ կրնար զսպել, բայց նաեւ կը յիշեմ  անոր խօսքերը. <<Ով կ’ըսէ՞, որ միայն զէնքն ու ոգին յաղթանակի գրաւականն են, հապա ժպիտը…թշնամիիդ հակառա՞կ` միշտ   պէտք   է ժպտիս: Իսկ  աշխարհի լաւագոյն բանը զինուորի ժպիտն է, եւ  ես ուրախ  եմ, որ կ’ապրիմ  երկրի մը մէջ, ուր  զինուորներ կան>>:

Գիտեմ  նաեւ, որ ան կը սիրէ երբեմն զինուորական համազգեստ  հագնիլ,  եւ  հայեացքս  կը փնտրէ  անոր լուսանկարներուն մէջ   ժպտերես  աղջկայ մը`  զինուորականի տեսքով: Անոր գրառումները կ’ընթերցեմ, որ  կու գան  լրացնելու   հրաշալի կերպարի մը`  շատ անմիջական, պարզ  ու հասարակ  եւ  ատոնց խորքին մէջ  անկեղծ  սէր  զինուոր տղաներուն հանդէպ, որ  հայրենիք  կը պաշտպանեն, սահման կը հսկեն  նաեւ  իր    խաղաղ   օրերուն   համար:

<<Ես  հայուհի   եմ,  հոգիս  ալ հայու  է, սիրտս  ալ կը խփէ հայերէն,   եւ  հպարտ   եմ, որ   ինծի  ալ կը պաշտպանեն մեր հայ  զինուորները:  Շատ կը ցանկայի` ես ալ ծառայէի, կամ թեկուզ եւ  տղայ ըլլայի ու  ծառայութեան երթայի: Հիմա շատերը կ’ըսեն` ատիկա աղջիկներու տեղը չէ,  կամ ալ   կ'ըսեն`   հեշտ կը կ’ըսես` ծառայել կամ չեմ գիտեր ինչ… ես գիտեմ, որ  դժուար  է, շա՜տ դժուար… Չեմ անցած ատոր մէջէն, բայց ունիմ ծառայող ընկերներ….Եւ  ուրախ եմ,   որ իմ շրջապատիս մէջ   կան   զինուոր   տղաներ>>:

Ուրկէ՞  կու գայ  այս լոյսը, որ   իր մանրիկ ժպիտներու  անսահմանութեան մէջ   նոր լոյս  կը  սփռէ շրջապատին,  նոր   լուսաւոր կեանք, որուն մասին    կ’երազենք բոլորս, ու  այդ   կենարար  սիրոյ մէջ  ամփոփուած  այս սիրունատես    աղջկան ապրումներուն մէջ  զինուոր  տղաներու անպարտելութիւնը կը թեւածէ, ուր ոգի կայ, ազնիւ  արարում, նուիրաբերումի սիրալիր խօսք.

<<Ամէն անգամ, երբ կը պատրաստուիմ քնանալու,  պատուհանիս  տակ`  լուսնի լոյսի ներքոյ, կ’աղօթեմ բոլոր զինուորներուն համար եւ   միշտ ալ կը խնդրեմ Աստուծմէ,  որ պահապան ըլլայ   բոլոր  զինուորներուն: Չեմ ուզեր, որ զինուորի մատը  նոյնիսկ փուշ մտնէ, չեմ ուզեր… իսկական հերոսը զինուորն է, որ  բոլորիս  համար զէնքը ձեռքին կը հսկէ, որ թշնամին ոտնատակ  չտայ  մեզ, ինչպէս նաեւ այն ինքնավստահներուն, որոնք իրենց հերոս կը   համարեն:  Մեր հողերուն  թուրքի  կեղտոտ  ոտքը  պիտի  չի կպչի, մեր հողը սուրբ  է, մեր հերոսները  կեանք   տուած են  այդ հողերուն համար>>:

Արցախի  ԴՈՒՍՏՐԸ,  այդպէս   կ’անուանակոչեմ զինք, գուցէ նաեւ  Արցախդուստր…  Գեղեցկատե՛ս    պարմանուհի,  երկարամա՛զ աղջնակ,  իմ սիրելի՛  աշակերտուհիս, քու շրթունքներովդ  թող Աստուծոյ հասանելի ըլլան բոլորիս  աղօթքները, թող  ան   միշտ պահապան ըլլայ մեր  զինուոր տղաներուն, որ  սահման կը պահեն, որպէսզի  խաղաղ ըլլայ  հայոց երկիրը:

2

Նաթաշա  Պօղոսեան  

Արցախի վաստակաւոր մանկավարժ,

Մարտակերտի Վլադիմիր Բալայեանի անուան միջնակարգ

դպրոցի  հայոց  լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի

Scroll Up