Աւետիք Գալստեան. «Միշտ Կը Զգանք Սփիւռքի Նախարարութեան Աջակցութիւնը»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/avetiq1.jpg)
ԱՊՀ երկիրներու եւ Վրաստանի հայկական համայնքներու ղեկավարներու հաւաք-հանդիպման, որ նախաձեռնած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, կը մասնակցէր նաեւ Խաբարովսկի հայկական համայնքի փոխնախագահ Աւետիք Գալստեանը, որուն հետ զրոյց ունեցած է «Հայերն այսօրի» թղթակիցը.
– Խաբարովսկի մարզին մէջ ոչ պաշտօնական տուեալներով մօտ 7 հազար հայ կ’ապրի:
Հայկական համայնքը արդէն 5 տարիէ կը գործէ: Նախագահը Աշոտ Գալստեանն է, իսկ ես երկու տարի է, ինչ համայնքի փոխնախագահն եմ:
Համայնքէն ներս կը հրատարակուի թերթ, կը գործէ երկօրեայ դպրոց, երգի-պարի խմբակ, ունինք «Արարատ» անունով ֆութպոլի խումբ: Վերջերս մեր ֆութպոլի խումբը մասնակցեցաւ Խաբարովսկի քաղաքապետի գաւաթի մրցաշարին եւ զբաղեցուց երկրորդ տեղը:
– Պարո՛ն Գալստեան, ըսիք, որ մարզին մէջ մօտ 7 հազար հայ կ’ապրի: Որքա՞ն մարդ համախմբուած է համայնքին շուրջը:
– Մօտ 500 հոգի, ոչ աւելի, որոնք աշխոյժ կերպով կը մասնակցին ձեռնարկներուն, մտահոգուած են համայնքի խնդիրներով: Անոնցմէ մօտ 20-ը աշխուժն են, որոնք նաեւ ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն համայնքին:
Պարբերաբար տարաբնոյթ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք ինչպէս համայնքի անդամներու, այնպէս ալ հրաւիրեալ խումբերու մասնակցութեամբ: Համայնքի ուժերով կազմակերպուած ձեռնարկներէն կը ցանկայի առանձնացնել Առնօ Բաբաջանեանի նուիրուած յուշ-երեկոն:
Սեպտեմբերի վերջը Արցախէն խումբ մը ժամանած էր: «Մենք ենք մեր սարերը» խորագիրը կրող համերգը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ:
– Նշեցիք, որ Խաբարովսկի մարզին մէջ մի քանի հազար հայ կ’ապրի, սակայն համայնքին շուրջ մի քանի հարիւրը համախմբուած է միայն: Ձեր կարծիքով` ո՞րն է պատճառը:
– Ցաւօք, ոչ բոլորը կը գիտակցին համայնքի անհրաժեշտութիւնը: Շատերը կը պատճառաբանեն, որ ժամանակ չունին, կ’աշխատին:
Այն տպաւորութիւնն է, որ համայնքի հոգսերով ապրող ու համայնքային ձեռնարկներուն ու ծրագիրներուն մասնակցող մարդիկ անգործ են, չեն աշխատիր:
Չնայած առկայ բոլոր դժուարութիւնները` կը փորձենք համայնքէն ներս պահպանել հայկականութեան շունչը, յատկապէս երիտասարդներու մօտ: Դժուար է հայրենիքէն մօտ 8 հազար քմ հեռաւորութեան վրայ քու արմատին ու աւանդոյթներուն կառչած ապրիլ:
– Իսկ ինչպիսի՞ն է երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը համայնքային խնդիրներուն:
– Երիտասարդներն աստիճանաբար սկսած են աշխուժանալ, կը փորձեն համախմբուիլ համայնքին շուրջ: Մենք ալ կ’աշխատինք սատարել անոնց նախաձեռնութիւնները, այս կամ այն ձեռնարկներով, ծրագիրներով անոնց քաջալերել, ոգեւորել:
Ստեղծած ենք ՈւՀԱ-ի խումբ. յոյս ունինք, որ հոկտեմբեր 28-ին առաջին ելոյթը կ’ունենան:
– Իսկ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն կը մասնակցին: Չէ՞ որ նախարարութեան ծրագիրներուն մեծ մասը ուղղուած են երիտասարդներուն:
– Այս տարի երիտասարդ մը մասնակցած է «Արի տուն» ծրագիրին:
Չմասնակցելու պատճառը հիմնականին մէջ հեռաւորութիւնն է, ճանապարհածախսը շատ թանկ է, շատերը չեն կրնար տոմս գնել:
Թէեւ ինքս յաճախ կ’այցելեմ Հայաստան (այս տարի արդէն երրորդ այցելութիւնս է), բայց նախարարութեան ծրագիրներուն առաջին անգամ կը մասնակցիմ:
Սակայն ամէն այցելութեան ժամանակ կը փորձեմ այցելել Սփիւռքի նախարարութիւն, տեղեկանալ նոր ծրագիրներուն, խորհուրդներ լսել, դասագիրքերու հետ կապուած խնդիրները լուծել, նիւթեր վերցնել: Նախարարութեան աջակցութիւնը միշտ կը զգանք, չկայ հարց մը, որ դիմենք եւ մերժում ստանանք:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան