Հայ Սեւ Գօտիներու Ընկերակցութեան Քունք Ֆուի Հաւաքականը Եւրոպայի Քունք Ֆուի Գաւաթի Բաց Առաջնութենէն Վերադարձած Է 5 Ոսկէ Եւ 1 Արծաթէ Մետալով

Հոկտեմբեր 15-ին Ուքրանիոյ Եալթա քաղաքէն Երեւան  ժամանեց Հայ սեւ գօտիներու ընկերակցութեան քունք ֆուի հաւաքականը, որ մեկնած էր Ուքրանիա`մասնակցելու Եւրոպայի քունք ֆուի գաւաթի բաց առաջնութեան: Ինչպէս նշեց ընկերակցութան նախագահ Արմէն Յարութիւնեան,  «Առաջնութիւնն անց էր կացւում քունք ֆու մարտարուեստի «թաուլու» (բարդ վարժութիւնների  ցուցադրում), «թոյշոու» (թայ չի չուան մարտարուեստի մենամարտային ձեւ) եւ «սանդա» (լրիւ կոնտակտային մենամարտ) ոճերում: Առաջնութեանը մասնակցում
էին վեց  երկրների 35ակումբներ: Մեր 9 մարզիկներից բաղկացած հաւաքականը հանդէս է եկել սանդաոճում` նուաճելով 5 ոսկէ եւ մէկ արծաթէ մետալ` ընդհանուր թիմային      հաշուարկով գրաւելով 3-րդ տեղը»:

Ընկերակցութեան աւագ մարզիչ Սարգիս Յարութիւնեան նշեց, որ առաջին անգամ կը մասնակցէին այդպիսի բարձրակարգ առաջնութեան, եւ տպաւորուած է մասնակից մարզիկներու բարձր վարպետութեամբ: Հաւաքականի        մարզիկները նշեցին, որ օրուան հերոս կը համարեն Հենրիկ Ազատեանը, որ հանդէս  գալով իր տարիքային կարգէն բարձր կարգի մէջ` եզրափակիչ  փուլին  ջախջախած է ատրպէյճանցի մարզիկին եւ գրաւած առաջին տեղը:

Ա. Յարութիւնեան

Scroll Up