Քանդակագործութեան Եւ Մաքրամէի Մէկօրեայ Դաս` «Արի Տուն» Ճամբարին ՄԷջ
«Բոլոր հայերուն մէջ տաղանդի կայծեր կան. ատոնք պէտք է կրակ դարձնել». Գարիկ Յովհաննիսեան
Ծաղկաձորի գեղատեսիլ բնութեան գիրկին մէջ է այն ճամբարը, ուր «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս յիշարժան ձեռնարկներով յագեցած օրեր կ’անցնեն աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան եկած հայորդիները: Այդպիսի օր մըն ալ անոնց պարգեւեցին երիտասարդ արուեստագէտ ամուսիններ Գարիկ Յովհաննիսեանն ու Հերմինէ Համբարձումեանը: Գարիկը իրեն հետ ճամբար բերած էր ոչ մեծ խաչքար, տուֆ քարի կտորներ , քանդակելու գործիքներ` մուրճ, բրիչ, իսկ Հերմինէն` մաքրամէ հիւսուածքի թելեր: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արտասովոր եռուզեռ յառաջացուցած էր ճամբարէն ներս: Հանդիպման սկիզբը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» ծրագիրի մշակութային հարցերով պատասխանատու, ՀՀ վաստակաւոր մանկավարժ Լաուրա Աւետիսեան սփիւռքահայ պատանիներուն ու երիտասարդներուն ծանօթացուց հիւրերուն հետ, ներկայացուց անոնց առաքելութիւնն ու նպատակը, որմէ ետք Գարիկ Յովհաննիսեան երեխաներուն փոքր-ինչ ծանօթացուց խաչքարի պատմութեան` ցուցադրելով իր վարպետի` խաչքարագործ վարպետ Վարազդատ Համբարձումեանի աշխատանքներու ալպոմը, որմէ ետք ճամբարի բակի տարածքին մէջ Գարիկ Յովհաննիսեան ցուցադրեց իրեն հետ բերած խաչքարի օրինակը, երեխաներուն բաժնեց կարմիր տուֆ քարի կտորներ, աշխատանքային գործիքներ, բացատրեց քարին հետ աշխատելու ձեւը, եւ սկսաւ աշխատանքային եռուզեռը: Կը թուէր, թէ քանդակելու արուեստը սորվելու ձգտումը պէտք է հիմնականին մէջ հրապուրէր տղաներուն, սակայն շատ աղջիկներ եւս ցանկութիւն յայտնեցին աշխատելու տուֆի վրայ: Մաքրամէի գաղտնիքները սորվեցնող Հերմինէ Համբարձումեանի շուրջ հիմնականին մէջ հաւաքուած էին աղջիկները, սակայն անոնց շարքերուն մէջ եւս կային մաքրամէով հետաքրքրուած տղաներ: Շատերուն համար մաքրամէն նորութիւն էր ու խոստովանեցան, որ երբեք ներկայ չեն գտնուած մաքրամէ հիւսքի աշխատանքի ընթացքին: Քանի մը աղջիկիներ ալ գիտէին մաքրամէի մասին, կրնային աշխատիլ, միւսները կը փորձէին սորվիլ, եւ մէկը միւսին հերթ չէին տար: Այնքան ոգեւորուած էին երեխաները, որ անգամ ընթրիքի չէին շտապեր: Կարճ ժամանակ անց արդէն պատրաստ էին տուֆի փոքրիկ կտորներու վրայ եղած աշխատանքները` թէեւ անվարժ, թէեւ այնչափ պարզ, սակայն սիրով եղած անոնց առաջին գործերն էին ատոնք` խաչի ու Մասիս սարի պատկերներով. Հերմինէի օգնութեամբ պատրաստուած կեռերէ կախուած մաքրամէի տարբեր հիւսուածքները` արդէն պարզորոշ նախշերով էին: Ոգեւորուած էին ոչ միայն երեխաները, այլեւ` վարպետ- ուսուցիչները:
«Այսպիսի դասերու նախադէպեր ունեցած ենք նաեւ Երեւանի մէջ` խաչքարագործ վարպետ Վարազդատ Յարութիւնեանի արուեստանոցին մէջ, ուր շատ երեխաներ եկած են. անոնք եղած են նաեւ Արարատի մարզի Ուրցաձոր գիւղին մէջ գործող մեր «Արօր» մշակութային կազմակերպութեան մէջ: Այսօրուան դասը աւելի շատ փորձառական, ուսուցողական բնոյթ ունէր, ասիկա ժամանցային ծրագիր չէ, կը կարծեմ, որ այն կու տայ իր արձագանքները, իր խմորումներն ու զարգացումները կ’ունենայ: Լաւ կ’ըլլայ, որ ասիկա դառնայ դասընթացք եւ ոչ թէ` ճանաչողական բնոյթի քանի մը ժամուան ծանօթացում խաչքարագործութեան արուեստին: Կարելի է կազմակերպել արագացուած դասընթացք եւ ճամբարային օրերու աւարտին բանալ երեխաներու հեղինակային փոքրիկ աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Ես պատրաստ եմ այդ աշխատանքին եւ սիրով կ’ընեմ զայն, որովհետեւ ինծի ա՛լ սորվեցուցած են: Հիմա հրաւէրներ ունիմ` այդ աշխատանքը ընելու Սփիւռքի մէջ: Ինծի համար շատ հաճելի էր աշխատիլ երեխաներուն հետ. այսօրուան անոնց աշխատանքներուն մէջ յատուկ մտածուած բաներ կային, որ եւ՛ զարմացուց, եւ՛ ուրախացուց զիս. բոլոր հայերուն մէջ տաղանդի կայծեր կան»,- մեր զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Արօր» մշակութային կեդրոնի հիմնադիր, Վարազդատ Համբարձումեանի «Խաչքարարուեստի դպրոց»-ի ներկայացուցիչ Գարիկ Յովհաննիսեան, իսկ մաքրամէի վարպետ- ուսուցչուհի Հերմինէ Համբարձումեան ըսաւ. «Ես աղջիկներուն կը պատմէի, որ մաքրամէի պարանները առաջ գործած են տղամարդիկ, անոնք գործած են ձկնորսական ցանցեր, ծաղկամաններ, որովհետեւ ատիկա ֆիզիքական ուժ կը պահանջէ: Երբ կը պատմէի, երկու տղայ մօտեցան եւ ցանկութիւն յայտնեցին մաքրամէ սորվելու: Ինծի հայրս` խաչքարագործ վարպետ Վարազդատ Համբարձումեանը սորվեցուցած է մաքրամէի արուեստը: Ան սկիզբը մաքրամէով աշխատած է, ծաղկամաններ գործած, յանձնած խանութներուն` հոգալու իր 5 երեխաներու ապրուստը. յետագային անցած է խաչքարագործութեան: Ես մասնագիտութեամբ դերասանուհի եմ, սենարիստ, սակայն սիրով սորվեցայ այս արուեստը: Կը սիրեմ իմ մասնագիտութիւնս, կը սիրեմ թատրոնը: Կ’աշխատէի «Հայրենիք» հեռուստաընկերութեան մէջ` մաքուր, գունեղ, լուսաւոր միջավայրի մէջ: Մաքրամէով զբաղուած եմ փոքր հասակէս. այդ աշխատանքը կը հանգստացնէ մարդուն: Գարիկը` ամուսինս, Արարատի մարզի Ուրցաձոր գիւղին մէջ բացած է «Արօր» մշակութային կեդրոնը, ուր երեխաներուն բացարձակ անվճար կը սորվեցնենք կաւագործութիւն, մաքրամէ, խեցեգործութիւն… Այսօր ճամբարի երեխաներուն եւս փորձեցի սորվեցնել մաքրամէի սկզբունքները, աշխատանքի նրբութիւնները. ես բաւականութիւն կը ստանամ իմ աշխատանքէս»:
Այս գեղեցիկ, իւրօրինակ օրուան արդիւնքը ճամբարի տարածքին մէջ այս ու այն կողմ դրուած աւարտուն եւ անաւարտ փոքրիկ քանդակներն էին, կեռերէ կախուած մաքրամէի` տարբեր հիւսուածքներով եղած աշխատանքը:
Կարինէ Աւագեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»