ՀՀ Անկախութեան 22-Ամեակին Եւ Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան 110-Ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկ Մատրիտի Մէջ

Հոկտեմբեր 14-ին Մատրիտի Բժշկական թագաւորական ակադեմիայի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ Անկախութեան 22-ամեակին եւ աշխարհահռչակ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած տօնական մեծ հանդէս: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սպանիոյ Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները ներկայացնող բարձրաստիճան
պաշտօնեաներ, սպանացի դիւանագէտներ, օտարերկրեայ դեսպաններ, կուսակցական գործիչներ, գործարարներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Սպանիոյ մէջ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեանի բացման խօսքին հետեւեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ: Միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, դաշնակահարուհի Սոֆիա Մելիքեանի, Սպանիոյ մէջ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան
սիմֆոնիք նուագախումբի ջութակահար Լեւոն Մելիքեանի եւ նոյն նուագախումբի մենակատար Կուստաւօ Տուարտէի կատարմամբ հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, կոմիտասի եւ Ֆերենց Լիստի ստեղծագործութիւնները:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` հայկական ուտեստներու մատուցմամբ,- այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up