Երեւանի Մէջ Վերաբացուած Է «Իզմիրլեան» Բժշկական Հաստատութիւնը Եւ Սուրբ Ներսէս Մեծ Գիտաբժշկական Կեդրոնը
Մայր Աթոռ Ս Էջմիածինի մամլոյ գրասենեակէն «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն, որ հոկտեմբեր 15-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Իզմիրլեան բժշկական հաստատութեան եւ Սուրբ Ներսէս Մեծ գիտաբժշկական կեդրոնի վերաբացման արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու ազգային բարերարներ զուիցերահայ տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Հելենա Իզմիրլեաններու:
Արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռի միաբաններ, Իզմիրլեան ընտանիքի անդամներ, ՀՀ պետական այրեր, առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, Իզմիրլեան հիմնադրամի պաշտօնէութիւնը, նորաբաց հաստատութեան աշխատակազմը եւ հիւրեր:
Հայ Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գործող բժշկական այս հաստատութեան ի նպաստ` «Իզմիրլեան» հիմնադրամի եւ տիկին Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի բարերարութեամբ իրականացուած է 12 մլն ԱՄՆ տոլարի ծրագիր, որուն շնորհիւ հիւանդանոցը հիմնանորոգուած է եւ համալրուած նոր մասնաշէնքով:
«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի նորակառոյց մասնաշէնքին առջեւ պատուաւոր հիւրերուն աղ ու հացով դիմաւորեցին Արաբկիրի Հայորդաց տան սաները, ապա Իզմիրլեան ամուսինները կտրեցին բժշկական հաստատութեան մուտքի ժապաւէնը:
Սյնուհետեւ բժշկական կեդրոնի ընդարձակ նախասրահին մէջ, նախագահութեամբ ամենայն Հայոց Հայրապետի, կատարուեցաւ նորաբաց հաստատութեան օրհնութեան կարգը, որմէ ետք ներկաներուն ներկայացուեցան Իզմիրլեան բժշկական հաստատութեան եւ Սուրբ Ներսէս Մեծ գիտաբժշկական կեդրոնի հիմնանորոգութեան աշխատանքները, պայմաններն ու ձեռք բերուած ժամանակակից բժշկական
սարքաւորումները:
Շրջայցի աւարտին հաստատութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ արարողութեան մասնակիցներուն ողջունեց կեդրոնի տնօրէն, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Արմէն Մուրատեան` մասնաւոր ուրախութիւն յայտնելով հիւանդանոցի հիմնական բարերար Տիգրան Իզմիրլեանին եւ իր ընտանիքի անդամներուն ներկայութեան համար: Տիար Արմէն Մուրատեան իր երախտագիտութիւնը
արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հաստատութեան նկատմամբ դրսեւորուող հոգատարութեան եւ ազգային բարերարներ Տիգրան Իզմիրլեանի եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի պատրաստակամ յանձնառութեան համար, որու շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ
Հայաստանի մէջ ժամանակակից, բարձր տեխնոլոկիաներու կիրառութեամբ բժշկական կեդրոնի բացումը: Կեդրոնի տնօրէնը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ հաստատութեան բշժկական անձնակազմի կողմէ իրականացուող ընկերային ծրագիրներուն եւ հիւանդներուն մատուցուող ծառայութիւններու զարգացման հեռանկարներուն:
Այնուհետեւ արարողութեան մասնակիցները դիտեցին «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ պատրաստուած «Իզմիրլեան բժշկական կեդրոն. անցեալը եւ ներկան» շարժանկարը կեդրոնի անցեալի, ներկայիս գործունէութեան վերակազմակերպման եւ առաքելութեան մասին: