«Մեր Երգով Դուրսը Մենք Կ’ըսենք, Թէ Ով Է Հայը». Ճուլիէթ Գալստեան

 «Մենք`  երգիչներս,  մեր  երկրի դեսպաններն ենք դուրսը»: 

Յուլիս 20-ին    ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած սփիւռքահայ  օփերայի երեք  երգչուհիներ` Հրաչուհի Բասենցին,  Ճուլիէթ  Գալստեանին եւ Վարդուհի Խաչատրեանին, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրեց «Կոմիտաս»  մետալով  ու պատուոգիրներով:  Մեր ընթերցողներու  ուշադրութեան կը ներկայացնենք  «Հայերն այսօր»-ի  թղթակիցի հարցազրոյցը  Ժնեւի երաժշտանոցի վոկալի փրոֆէսոր,  միջազգային Մեծ մրցոյթի  եւ բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Ճուլիէթ Գալստեանի հետ:

Ճուլիէ՛թ,  ծանօթանալով  ձեր կենսագրութեան`  տեսայ,   որ  յաղթանակներով լեցուն մեծ ճանապարհ  անցած էք.  ցանկալի է,  որ Դուք համառօտ ներկայացնէք երաժշտական աշխարհի մէջ տարիներու ընթացքին Ձեր ծաւալած գործունէութիւնը:

-Ծնած եմ Երեւանի մէջ այնպիսի ընտանիքի մը մէջ,  որ տասնամեակներ շարունակ օփերայի նշանաւոր երգիչներ, երաժիշտներ եւ պալէի յայտնի պարողներ  տուած է աշխարհին. հայրս հայկական պալէի դպրոցի հիմնադիր,   պալէի յայտնի պարողներէն մէկը  եղած է `  Վիլէն Գալստեանը: Դաշնամուրին զուգահեռ  երգեցողութիւն  սորված եմ տատիկէս` Մարիանա Յարութիւնեանի դասարանին մէջ: Երաժշտանոցը աւարտելէ ետք մասնակցած եմ շատ մրցոյթներու եւ գրաւած  առաջին, երկրորդ  մրցանակային տեղեր:  Իտալիոյ Վերչելլի քաղաքի Վիոթիի մրցոյթին 1-ին մրցանակ  ստանալէ ետք  իտալական մամուլը  զիս կնքեց «Վիոթիի  թագուհի» անունով:  Երգած եմ հեղինակաւոր օփերայի դահլիճներու մէջ, շատ յայտնի երգիչներու հետ  պատիւ ունեցած եմ ըլլալու նոյն բեմին վրայ եւ երգած անոնց հետ: Մարմնաւորած եմ համաշխարհային օփերաներու բազմաթիւ կերպարներ , համագործակցած եմ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի առաջնակարգ սիմֆոնիկ նուագախումբերու հետ,  աշխատած եմ մեծահամբաւ խմբավարներու հետ:  Երջանիկ եմ իմ աշխարհիս մէջ, իմ  աշխատանքով:  Այսօր ալ կ’երգեմ աշխարհի  բոլոր բեմերու վրայ: Շուտով պիտի մեկնիմ  Նորվեկիա`  Պըրկըն քաղաքին մէջ երգելու Վերտիի  «Նապուքքօ» օփերան,  որմէ ետք երկու համերգ ունիմ Զուիցերիոյ մէջ:

Ճուլիէ՛թ,  դուք  ՀՀ սփիւռքի նախարարին կողմէ  պարգեւատրուեցաք   «Կոմիտաս» մետալով,  ատիկա  պարտաւորեցնո՞ղ է…

-Այնչափ ուրախ եմ եւ շա՛տ շնորհակալ  տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին:  Մեծ պատիւ կը համարեմ Հայրենիքի կողմէ նման պարգեւ ստանալը: Ատիկա,  ի հարկէ, կը պարտաւորեցնէ,  սակայն ես  20 տարի կ’երգեմ`  առանց ակնկալիքներու.  երգը իմ  կենսակերպն է,  իմ  երակներով հոսող արիւնը,  առանց  որուն ես չեմ պատկերացներ կեանքս:  Մենք մեր երկրի դեսպաններն ենք դուրսը. մեր երգով, մեր ներկայանալի բարձր արուեստով աշխարհին կ’ըսենք,  թէ ով է հայը:

Ձեր համերգային ծրագիրներուն մէջ միշտ  կ’ընդգրկէ՞ք Կոմիտասի երգացանկէն ու մշակումներէն:

-Ես կ’երգեմ 9-ը լեզուով եւ իմ համերգային ծրագիրներուս մէջ մշտապէս ունիմ Կոմիտասի երգերէն. Կոմիտաս կը սորվեցնեմ նաեւ իմ ուսանողներուս, որոնք, Կոմիտասի բառերը անգամ չհասկնալով, կու լան:

Կրկին շնորհաւորելով  ձեզ  բարձր  պարգեւի համար`  կը մաղթեմ նորանոր նուաճումներ աշխարհի բոլոր  նշանաւոր  բեմահարթակներու վրայ:  Թո՛ղ անսպառ ըլլայ Աստուծմէ ի վերուստ Ձեզ տրուած շնորհը,  թո՛ղ երբեք  չլռէ Կոմիտասը :

 

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up