Հայ Ըմբիշը Եզրափակիչին Յաղթեց Ատրպէյճանցի Մրցակիցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/ըմբիշ.jpg)
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ աւարտած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան Հայաստանի խումբը նուաճած է մէկ ոսկէ, երեք արծաթէ, երկու պրոնզէ մետալ եւ խմբային հաշուարկով գրաւած չորրորդ տեղը:
63 քկ ծանրութեան Արման Անդրէասեանը եզրափակիչին 4:3 հաշիւով յաղթած է ատրպէյճանցի իր մրցակիցին եւ նուաճած ոսկէ մետալ:
46 քկ․ Ռազմիկ Պապիկեան, 54 քկ․ Արսէն Յարութիւնեան եւ 58 քկ․Վազգէն Թեւանեան պարտուած են եզրափակիչին:
Յուլիս 23-24-ին մրցումի դուրս կու գան յունահռոմէական ոճի ըմբիշները: