«Իմ Հայաստան» Փառատօնին Մասնակցող` Նոր Ջուղայի «Արարատ» Միութեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հայաստան

Նոր Ջուղայի հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան մշակութային  միաւորի   պատուիրակութիւնը այսօր` Յուլիս 21-ի առաւօտեան մեկնեցաւ  Հայաստան` մասնակցելու Յուլիս 22-ին մեկնարկող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:

Պատուիրակութեան ընդհանուր թիւը 12-է, որուն մաս կը կազմեն` «Կռունկ» պատանեկան խումբը, մշակութային միաւորի վարչութեան ներկայացուցիչներ` Քարմէն Ղեւեան, Նայիրի Այվազեան, միաւորի «Կռունկ» պարախումբի  ղեկավար եւ պարերու բեմադրիչ Նունէ Մկրտչեան եւ փորձավար Քրիստինէ  Յակոբեան:

Փառատօնի բացման հանդիսութեան ընթացքին խումբը հանդէս պիտի գայ  Սայաթ Նովայի «Նազանի» երգի ներքոյ, իսկ փառատօնի ընթացքին կը ներկայացնէ` Անոյշ եւ Ինգա Արշակեաններու «Մենք ենք ու սարերը մեր»,  գուսան Շերամի «Շորորա»,  Սայաթ Նովայի  «Նազանի», Խաչատուր Աւետիսեանի «Էրզրումի շորոր» եւ  ժողովրդական «Վերվերի»  խմբային պարերը եւ մենապարերը:

Նշելի է, որ պատուիրակութիւնը մեկնելէն առաջ ստացաւ Տ. Խաչատուր քահանայ Զարքարեանի օրհնութիւնը: Վերջաւորութեան  պահպանիչ աղօթքով անոնց բարի երթ մաղթեց քահանայ հայրը:

Բարի երթ մաղթելու համար ներկայ էին նաեւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան  ներկայացուցիչներն ու ծնողները:

Լուսանկարները` հեղինակին

Կռունկ1Կռունկ2Կռունկ3 Կռունկ4Կռունկ-գլխավոր

Scroll Up