Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնակցութիւնը Հաստատեց, Որ Հայութեան Դէմ Ապրիլին Ոճիր Գործուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Մարդու իրաւունքներու միջազգային դաշնակցութիւնը հաստատած է, որ Ապրիլի սկիզբը Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակիչներուն ու զինուորներուն դէմ կատարուածը զինուորական ոճիր էր։

«Վերջին 30 տարիներուն տարածաշրջանին մէջ ամէնէն կործանարար տագնապը Ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է, որ կը շարունակէ խլել մարդոց կեանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ միջազգային կառոյցին՝ տագնապը բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ խաղաղ բնակիչներուն ու քաղաքացիներու կառոյցներուն վրայ  յարձակումները  միջազգային իրաւունքի խախտում են:

Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը առանձնացուցած է ատրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ 3 տարեցներու  սպանութիւնն ու խոշտանգումը, ինչպէս նաեւ՝ զինուոր Քեարամ Սլոյեանի գլխատումը:

Ընդգծուած է, որ  ազգութեամբ եզիտի Քեարամ Սլոյեանի՝ կտ-րուած գլուխին լուսանկարը  տեղադրուած է ընկերային ցանցերու վրայ՝ ներկայացուելով որպէս յաղթական աւար:

Յիշատակուած են նաեւ միւս 2 գլխատուած զինուորները:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ այս բոլորը զինուորական յանցագործութիւններ են։

«Սպաննուածներու մարմիններուն խոշտանգումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է», յայտարարած է միջազգային կազմակերպութիւնը:

Scroll Up