Մեկնարկած Է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 22-րդ Ուսանողական Մշակութային Համաժողովը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական համաժողովը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Այն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու  մշակութային ժառանգութեան  հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու ձեռնարկ է:

Այս տարի  «Համազգային»-ի  ուսանողական համաժողովը տեղի  կ’ունենայ Յուլիս 16-30:  Համաժողովին  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սփիւռքի ութ գաղթօճախներ (ԱՄՆ, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Շուէտ, Ռուսաստան, Կիպրոս, Վրաստան) ներկայացնող շուրջ 35 հայ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ մասնակիցներ Հայաստանէն եւ Արցախէն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն:

Ծրագիրի 15 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ կ’ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, կը լսեն պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, իրենց հայաստանցի հասակակիցներուն հետ կը քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդներուն յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Համահաւաքի օրերուն Սփիւռքահայ ուսանողները կը հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կը լսեն դասախօսութիւններ «Ազգային նուագարաններ», «Հայ համայնքներ», «Ո՞վ  է  հայը»,  «Հայկական գեղանկարչութիւն» եւ այլ թեմաներով:

Համաժողովը եռօրեայ ծրագիրով կ’այցելէ նաեւ  Արցախ, կը հիւրընկալուի Ազգային ժողովին մէջ, կ’այցելէ  Ազգային բանակի զօրամաս մը:

Scroll Up