«Արի Տուն» Ծրագիրի Տասնեակ Ներկայացուցիչներ Այցելած Են ՀՀ ԶՈՒ Զօրամասերէն Մէկը. լուսանկարներ
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի տասնեակ ներկայացուցիչներ այցելած են ՀՀ ԶՈՒ զօրամասերէն մէկը, ծանօթացած զինուորական ծառայութեան ընթացքին, հայ զինուորի առօրեային:
Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` այս մասին կը տեղեկանեն ՀՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Զօրամասին մէջ նախապէս բացազատուած ուսումնական կէտերուն մէջ զինծառայողները «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն բացատրած են մարտական հերթապահութեան իրականացումը, ներկայացուցած զէնքերու գործածման կարգը, մանրամասնած զինուորական ծառայութեան նրբութիւններն ու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները: Զօրամասի ակումբին մէջ հիւրերն ու զինուորական անձնակազմը դիտած են թատերական ներկայացում, որուն յաջորդած են հայրենասիրական երգերու կատարումներ: