«Պէտք Է Դառնաք Համահայկական Շարժման Մաս». ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան

Յուլիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հալէպահայ ազգային գործիչ, բժիշկ, Քուէյթի հայկական դպրոցի նորանշանակ տնօրէն Ներսէս Սարգիսեանը եւ նոյն դպրոցի փոխտնօրէն Կարօ Ասլանեանը:

Ողջունելով հիւրերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը հետաքրքրուեցաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակով, Հալէպի հայկական համայնքի խնդիրներով, մտադրութիւններով: Քննարկուեցան համայնքային  հարցեր, ինչպէս նաեւ` անհրաժեշտութեան պարագային Հալէպէն դուրս գալ ցանկացող մեր հայրենակիցներուն Հայաստան տեղափոխելու հնարաւորութիւնները:

Նախարարը ուշադրութեամբ լսեց Քուէյթի համայնքային, կրթական հարցերու, յաջողութիւններուն մասին, ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Քուէյթի համայնքը փայլուն համայնք է, հայոց լեզուի պահպանման, մասնագիտական կրթութեան, ազգային ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման հարցերը բաւականին բարձր մակարդակի վրայ  դրուած են: Բայց աւելցուց, որ համայնքին կապը Հայաստանի, մասնաւորապէս` Սփիւռքի նախարարութեան հետ, միւս համայնքներուն հետ համեմատութեամբ, աւելի թոյլ է:

Նախարարը կարեւոր համարեց համայնքի մասնակցութիւնը համահայկական շարժմումին, կոչ ըրաւ մասնագիտական խումբեր ստեղծելու, մասնակցելու լրագրողներու, իրաւաբաններու, բժիշկներու, ճարտարապետներու եւ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող մասնագիտական համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կարեւոր ծրագիրներուն` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն, «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Դիմում եմ ձեզ, քանի որ դպրոցն է համայնքի սիրտը, ոգեւորէք, աւելի ակտիւացրէք, աւելի ամրացրէք կապը, աշխուժացրէք Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք գործակցութիւնը, որ շաղախուէք ամբողջ հայկական սփիւռքի հետ: «Պէտք է դառնաք համահայկական շարժման  մասը, սա իմ խնդրանքն է ձեզ: Մենք սիրով ձեզ սպասում ենք եւ պատրաստ ենք բոլոր հարցերով օգտակար լինել»:

1 2

Scroll Up