Կայացաւ Սուրիահայերու Ֆէյսպուքեան Խումբերու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում-Քննարկումը
Յունուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայ Ֆէյսպուքեան խումբերու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում-քննարկումը §Սուրիահայութեան տագնապը լուսարձակի տակ» թեմայով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ §Հալէպահայեր» ֆէյսպուքեան խումբի (§ARMENIANS OF ALEPPO») հիմնադիրներէն բժիշկ Ռոպէրթ Սիւլահեան, ան կարեւոր համարեց ֆէյսպուքեան խումբերու դերը սուրիահայութեան հիմնախնդիրներու եւ անոնց լուծման, Սուրիոյ հայ համայնքի, սուրիական պատերազմին վերաբերեալ առարկայական տեղեկատուութեան տարածման հարցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ §Հայէկոնոմ» դրամատան` քննարկում-հանդիպման կազմակերպման աջակցելու համար:
Ողջունելով հաւաքի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց սուրիահայութեան Նոր տարուան եւ Սուրբ ծնունդի առիթով` մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն, ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն սուրիահայերուն, որոնք մնացած են Սուրիոյ մէջ, կը պայքարին եւ կը պահպանեն համայնքը, ապա ներկայացուց պետութեան կողմէ սուրիահայերու համար տարուող աշխատանքները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ֆէյսպուքեան նախաձեռնութիւններու ներկայացուցիչներուն առաջարկեց մասնակցիլ ամիսը մէկ անգամ հրաւիրուող սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական մարմինի նիստերուն, ըլլալ առաւել տեղեկացուած եւ առարկայականօրէն ու անաչառ կերպով ներկայացնել կատարուող աշխատանքները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու հետ կապերու վարչութեան պետ Լ. Ստեփանեան ներկայացուց սուրիահայերու իրաւական, ընկերային, առողջապահական, կրթական խնդիրներու ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող աշխատանքները:
Ֆէյսպուքեան §Հալէպահայեր» խումբի ղեկավար Հրաչ Քալսահակեան ներկայացուց սուրիական հիմնախնդիրի վերաբերեալ համընդհանուր լուրերու ծիրէն ներս սուրիահայութեան առնչուող լուրերը առանձնացնելու եւ անոնք վերլուծելու ու նպաստաւոր ձեւով ներկայացնելու մօտեցումը: Ան նշեց, որ տեղեկատուական պատերազմին մէջ ոլորտի ներկայացուցիչները պէտք է տարբերակեն լրատուական այն հոսքերն ու մեխանիզմները, որոնք կրնան վնասել սուրիահայութիւնը, բացառելով երեւակայական մեկնաբանութիւնները, անստոյգ տեղեկութիւններն ու անճշտութիւնները: Հրաչ Քալսահակեան նշեց. §Ժամանակն է, որ մենք եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ արտերկրի մէջ իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ քաջատեղեակ ըլլանք: Ապատեղեկատուութիւնը մեծապէս կրնայ վնասել սուրիահայերու ընդելուզմանը: Արհեստավարժ մօտեցում պէտք է ցուցաբերել եւ ներկայացնել սուրիահայութեան ցուցաբերուող օգնութեան վերաբերեալ ստոյգ եւ առարկայական տեղեկատուութիւն, ստացուող օգնութիւններու չափերն ու անոնց բաշխման մեխանիզմները` խուսափելով տարաբնոյթ անհարկի մեկնաբանութիւններէ, որոնք յաճախ սեպ կը խրեն հայութեան տարբեր հատուածներուն մէջ»:
§Հալէպահայեր» ֆէյսպուքեան խումբի ներկայացուցիչ, Լոնտոնաբնակ Թալին Մակարեան ներկայացուց Սուրիոյ հայ համայնքի ընկերային-հոգեբանական ծանր վիճակն այսօր, անոնց խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները :
Լիբանան հանգրուանած սուրիահայերու վիճակը եւ անոնց հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները ներկայացուց Արաքսի Փիլաւճեան-Խտրլարեան (Պէյրութ):
Վազգէն Պերղուդեան ընթերցեց ֆէյսպուքի մէջ տեղ գտած այն հրապարակումները, ուր կ’արծարծուին սուրիահայութեան յուզող խնդիրները:
Ձեռնարկին մասնակիցներու ուղղած հարցերուն պատասխանեցին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդամները:
Հաւաք-քննարկման ընթացքին քննարկուեցան ԶԼՆ-ներու եւ ընկերային ցանցերուն մէջ սուրիահայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութեան տարածման վերաբերող հարցեր: