ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է .«Ծով Սպասումներ»

Սփիւռքի նախարարութիւնը հինգ տարեկան դարձած է:  Երեւանի մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած են տարեդարձի միջոցառումները: Սրտանց կը շնորհաւորենք նախարարութեան ծնունդը, կը գնահատենք ստեղծումը եւ օրէ օր կազմաւորուած, աւելի հասունցած գործունէութիւնը այնպիսի կառոյցի մը, որուն հետ կապած ենք ահագին յոյսեր, որմէ ունինք ծով սպասումներ:
Հինգ տարեկան է միայն նախարարութիւնը, սակայն տեսանելիօրէն ահագին տարածք գրաւած է Սփիւռքի մէջ: Գործունեայ, աշխոյժ նախարարին՝ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ սկզբնական, ճանաչողական հանգրուանը, կարելի է ըսել, որ ոստումներով իրականացած է: Համագումարներ, խորհրդակցութիւններ, ժողովներ, այցելութիւններ… պարզ թուարկումը նախարարութեան կազմակերպած բազմաթիւ ձեռնարկներուն կրնայ յարգանք պարտադրել անոնց ետին գտնուող մղիչ ուժին հանդէպ:
Գիտակից ենք, որ իբրեւ պետական կառոյց՝ նախարարութիւնը պարտաւոր է իր գործունէութիւնը մշակել ու ծրագրել կառավարութեան կողմէ նախագծուած սահմաններու մէջ, անոր տրամադրած միջոցներով, որոնք վստահաբար չեն կրնար բաւարարել այն հսկայական կարիքները, որոնք հայկական Սփիւռքին նման տարածուն հաւաքականութեանն են՝ անոր թէ՛ ահաւոր ուժականութեամբ, եւ թէ նոյնքան ահաւոր ներքին բարդութիւններով, բարդոյթներով, նախապաշարումներով եւ յաւակնութիւններով:
Միւս կողմէ, Սփիւռքի նախարարութիւն անունն իսկ մեզ՝ սփիւռքահայերս, պէտք է մղէր քիչ մը աւելի նախանձախնդիր, աւելի յանձնառու մօտենալու այդ կառոյցին, անոր հետ վարուելու ոչ թէ դրսեցիի, ունկնդիրի կամ հանդիսատեսի նման, այլ թեւերը սոթտելով՝ մտնելու շէնքէն ու կառոյցէն ներս, մասնակից ըլլալու ծրագրումներուն, պատասխանատուութիւններ վերցնելու, աջակցելու, որ ընդարձակուին գործունէութեան սահմանները՝ ներառելով այն բոլորը, զորս անհրաժեշտ կը նկատենք Սփիւռքին համար, եւ՝ աւելի՛ խորքային, աւելի՛ ընդգրկուն, աւելի՛ նպատակասլաց:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Scroll Up