«Այստեղ Ճաշակեցինք Եւ՛ Հոգեւոր Սնունդ, Եւ՛ Համեղ Կերակուրներ. Շնորհակալութի՛ւն». «Արի Տուն-2016»-ի 4-րդ Փուլի Մասնակիցներ

«Հայրենիքիս  ժպիտները կը տանիմ  հետս». Հայկ Տապաքչեան 

«Արի տուն-2016»  ծրագիրի ծիրէն ներս  մայրաքաղաքի Եղիշէ  Չարենցի անուան թիւ 67  հիմնական դպրոցին մէջ  հայոց լեզուի դասընթացքի  վերջին օրը հանդիսաւոր արարողութիւն էր,  որուն ընթացքին 4-րդ փուլի  մասնակիցներուն  հետ ունեցած զրոյցի  ընթացքին պատմեցին  Հայաստանի, Երեւանի ,  ծրագիրի ծիրէն ներս իրենց  այցելած տեսարժան վայրերու  եւ հայոց լեզուէն կարճ ժամանակահատուածին ձեռք բերած գիտելիքներուն մասին:  Անոնցմէ  իւրաքանչիւրին խօսքին եւ զգացումներուն մէջ  գերիշխողն անսահման  երախտագիտութեան  դրսեւրումն էր,  որոնցմէ պատառիկներ կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներու  ուշադրութեան:

Վահան Մելոյեան, Վրաստան, Թիֆլիս, 17 տարեկան

-Հայաստան  եկած եմ . ես  չարենցաւանի մէջ տատիկ ունիմ:   Գուցէ  կրկնեմ  օրեր առաջ եւ այսօր  հարցազրոյց տուած ընկերներուս խօսքերը ,  սակայն ճշմարտութիւնը ատիկա է, որ  ես շատ գոհ եմ  ծրագիրէն, կ’ողջունեմ  այս մտայղացման հեղինակները ,  կազմակերպիչները:  Հաշւուած օրերու ընթացքին   տեսանք Հայաստանի պատմամշակութային  հիասքանչ  արժէքներ,  այցելեցինք զօրամաս, ծանօթացանք հայ զինուորի հետ,  տեսանք անոր առօրեան, այսօր կ’երթանք Սեւան:  Շատ  հաւնած եմ Գառնիի հեթանոսական տաճարն ու Գեղարդի հոյակապ վանական համալիրը:  Դպրոցէն ներս լրացուցիչ գիտելիքներ ստացանք հայոց լեզուի,  հայ գիրերու գիւտի պատմութեան մասին:  Հրաշալի օդ ու  անկրկնելի ջուր կայ Հայաստանի մէջ, որուն համէն չես  յագենար:  Գոհ եմ օրուան ընթացքին մատուցուող սնունդէն: Այստեղ ստացանք եւ՛  հոգեւոր սնունդ ,  եւ՛ համեղ պատրաստուած,  մաքուր  ուտելիք:  Միշտ եւ ամենուրէք կան ու կ’ըլլան դժգոհ մարդիկ,  սակայն ես  կը կարծեմ,  որ ատիկա բնաւորութիւն է,  որ կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ սեփական ընտանիքի մէջ:  Շատ շնորհակալ եմ հիւրընկալ ընտանիքին:

Դաւիթ Ջաղացպանեան, Վրաստան, Նինոծմինտա, 17 տարեկան

-Գոհ ու շնորհակալ եմ,  չեմ կրնար շատ խօսիլ եւ չեմ ցանկար,  որովհետեւ ընկերներս գրեթէ ամէն ինչ ըսին:  Ես քարաթէի  «Տօ շոթոկան»  մարզաձեւը կը  պարապիմ,   քանի մը անգամ մրցումներու  մասնակցած եմ Հայաստանի մէջ, նուաճած եմ  թէ՛ առաջին,  թէ՛ 2-րդ,  թէ՛ 3-րդ մրցանակային տեղեր:   Ամէն ինչ շատ  լաւ կազմակերպուած է.  գոհ եմ  յագեցած առօրեայէն, շատ համեղ  ու որակեալ սնունդէն , մատուցման ձեւէն,  միայն ցանկալի է,  որ միսը կերակրացանկին մէջ շատ ըլլայ,  ես մսակեր եմ:  Տունն ալ  այդպիսին եմ,  եւ ատոր պատճառը մարզանքով զբաղիլն է:

Լուիզա Արշակեան,  Գերմանիա,  15 տարեկան

-Առաջին անգամ  Հայաստան կու գամ,  բառեր չեմ գտներ`  նկարագրելու իմ զգացածս ու տեսածս:  Ինծի համար այստեղ ամէն ինչ  նոր է ու հիասքանչ.  այնքան շա՜տ է ըսելիքս ,  որ կը մոլորիմ,  կը շփոթիմ…գուցէ աւելի ուշ կարենամ ի մի բերել տպաւորութիւններս եւ գրել այդ մասին: Շնորհակալութիւ՛ն ճակատագրին,  որ ինծի հնարաւորութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Հայրենիքիս,  շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:

Հայկ Տապաքչեան,  Լիբանան,  17 տարեկան

-Երկրորդ անգամ կու գամ Հայաստան: Ծրագիրին մասին իմացայ դպրոցէն,  ուրախ եմ,  որ ընդգրկուած եմ  այս հիանալի  ծրագիրի ծիրին մէջ եւ հայաստանեան ամառը կը վայելեմ:  Ազդեցիկ էր ինծի համար Սարդարապատի յուշահամալիրը: Մենք մանկութենէն կը դաստիարակուինք հայրենասիրութեամբ,  կը սորվինք Հայրենիքին նուիրուած երգեր ու բանաստեղծութիւններ,  կը ծանօթանանք մեր պատմութեան փառաւոր էջերուն: Հեռուէն կ’երազենք Մասիս սարը տեսնելու մասին,  իսկ այսօր այդ երազանքը այնքա՜ն մօտ է ինծի:  Շնորհակալ եմ  Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին,  իմ Հայրենիքի արեւին ու ջուրին, անուշահամ միրգերուն ու  բառերուն,  մարդոց,  անոնց ժպիտներուն , որոնք պէտք է տանիմ  հետս:

Ջուլիետա Սարգսեան, Վրաստան,  Թիֆլիս,  16 տարեկան

-Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան…լացս կու գայ,  չեմ ուզեր երթալ Հայաստանէն : Դաւթեաններու հիւրընկալ ընտանիքը ինծի այնքա՜ն ջերմօրէն  ընդունեց իր յարկի ներքոյ,  որ կը թուի ,  թէ տարիներով այդ տան մէջ ապրած եմ, այդ մարդոց ալ վաղուց կը ճանչնամ: Արդէն բարեկամացած ենք,  այդ կապը անպայման  աւելի կ’ամրանայ ժամանակի ընթացքին. ասոր համար առաջին հերթին պարտական եմ «Արի տուն» ծրագիրին:  Այցելած ենք  պատմամշակութային տեսարժան վայրեր,  եղած ենք զօրամաս,  սորված հայոց լեզու,  հասցուցած ծանօթանալ  այլ երկիրներէ  ծրագիրին մասնակցող հայորդիներու հետ:  Անթերի սնունդ, կազմակերպուած  զբօսանքներ, բովանդակալից դասընթացներ,  հաճելի միջավայր….ասկէ աւելի ի՞նչ  պէտք է երիտասարդներուն: Շնորհակալութիւ՛ն:

 Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up