Արցախի Յաջորդ Պաշտպանները Մենք Պիտի Ըլլանք. «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից. լուսանկարներ

Յուլիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ինչպէս նաեւ` Եռաբլուր պանթէոն եւ զօրամաս: Մասնակիցներէն շատերը առաջին անգամ կը տեսնէին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրն ու մեծ յուզմունքով լեցուած էին:

Զարմանալի է, բայց անոնցմէ  քանի մը հոգի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ մեր պատմութիւնը կը ներկայացնէին այլազգի հիւրերուն: Այն հարցին, թէ ուրկէ գիտեն այդ ամէնը, պատասխանեցին. «Ինչպիսի մարդ պէտք է ըլլանք, որ մեր պատմութիւնը չգիտնանք»:

Արիտունցիները մեծ ուշադրութեամբ ու ցաւով կը շրջէին թանգարանին մէջ, շատերը նոյնիսկ չկրցան զսպել իրենց յուզմունքը: 12-ամեայ կիպրաահայ  Լարա Ալթունեանը ըսաւ, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը տեսած էր միայն նկարներու մէջ, շատ տպաւորուած է, որ այն իրականութեան մէջ կրցաւ տեսնել եւ այդ պահուն իրեն լիարժէք հայ զգաց: «Եռաբլուր այցելութեան ժամանակ, երբ տեսայ Արցախի հերոսներու գերեզմանները, հասկցայ, որ Արցախի յաջորդ պաշտպանները մենք պիտի ըլլանք»,- «Հայերն այսօր»-ի թղթակցին հետ զրոյցին նշեց Լարան:

«Շատ կ’ուզէի Ծիծեռնակաբերդ այցելել, ինծի համար այն շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Երբ առաջին անգամ տեսայ յուշահամալիրը, աչքերս արցունքով լեցուեցան: Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չըլլար, մենք օտար քաղաքներու մէջ չէինք ապրիր ու չէինք պայքարիր մեր մշակոյթը պահպանելու համար: Իսկ Եռաբլուրի մէջ առաջին անգամ իմացայ, որ ինձմէ ընդամէնը մէկ տարի մեծ երիտասարդներ իրենց կեանքը զոհած են մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար»,- նշեց Լիբանանէն ժամանած 17-ամեայ Լարա Կիւլումեան:

Լիբանանէն ժամանած ոււրիշ մասնակից մը` Ռիթա Վահրատեանը, «Հայերն այսօր»-ի թղթակցին հետ զրոյցին ըսաւ, որ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ամէն ինչ այնքան ազդեցիկ էր, որ այն զգացողութիւնը ունեցաւ, կարծես ինքն էր 1915 թուականին տանջանքներու ու չարչարանքներու կ’ենթարկուէր, կարծես իր եղբայրներն ու քոյրերն էին կը կոտորուէին. «Հիմա ես կ’ապրիմ Լիբանան, բայց այստեղ է իմ տեղս, այստեղ է իմ հայրենիքս: Ես ուրիշ հայրենիք չունիմ: Կ’ուզեմ ապրիլ Հայաստանի մէջ», -աւելցուց Ռիթան:

Անի Յարութիւնեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի 2-րդ դասարանի ուսանողուհի

արի տուն10արի տուն 6Արի տունարի տուն11Արի տուն1Արի տուն2արի տուն3արի տուն4արի տուն5արի տուն8

Scroll Up