Նորատ Գրիգորի Տէր-Գրիգորեանց Պարգեւատրուած Է Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի Շքանշանով

Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 16-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը` կ’որուշէ.
Բանակաշինութեան գործին մէջ մատուցած ակնառու ծառայութիւններու համար զօրավար Նորատ Գրիգորի Տէր-Գրիգորեանցին պարգեւատրել Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի շքանշանով: