«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Նստավայր
Յուլիս 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց-2016 ծրագիրի «Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» եւ «Լրագրողներու վերապատրաստում» դասընթացներու մասնակիցները հիւրընկալուեցան ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ: Ծրագիրի մասնակիցներուն ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Վիգէն Սարգսեան ներկայացուց ՀՀ Նախագահի եւ նախագահական հիմնարկի գործունէութիւնը, ՀՀ Սահմանադրութեամբ Նախագահի գործառոյթները, պետական իշխանութեան համակարգին մէջ անոր տեղն ու դերը, պետութեան ղեկավարի փոխյարաբերութիւնները պետական իշխանութեան միւս մարմիններուն հետ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավարը պատասխանեց սփիւռքահայ երիտասարդներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին ինչպէս Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ` Հայաստան-Սփիւռք եւ Սփիւռք-Սփիւռք կապերու զարգացման ու ամրապնդման:
Այնուհետեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները շրջայց կատարեցին նախագահական նստավայրին մէջ, որուն ընթացքին հետաքրքիր տեղեկութիւններ ստացան Նախագահի նստավայրին մասին` երբ կառուցուած է այն, ով եղած է ճարտարապետը, ինչպիսին է շէնքի կառուցուածքը, ըստ արարողակարգի` ինչ ձեռնարկներ կ’իրականացուին շրջայցի ծրագիրին մէջ ներառուած դահլիճներուն, սրահներուն մէջ եւ այլն:
Այցի աւարտին մասնակիցները` որպէս նուէր, ստացան շրջայցի լուսանկարներով եւ հայկական դրօշի գոյներով կրիչներ: