ՀՀ Կառավարական Պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ ԱՄՀ-ի Եւ ՀԲ-ի Ղեկավարներու Հետ Քննարկած Է Փոխգործակցութեան Յառաջիկայ Ծրագիրները
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի յանձնարարականով Հայաստանի կառավարական պատուիրակութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու` Ուաշինկթընի մէջ, մասնակցած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) եւ Համաշխարհային դրամատան
2013 թուականի տարեկան համաժողովի աշխատանքներուն:
ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, ՀՀ ֆինանսներու եւ Տնտեսութեան նախարարներ Դաւիթ Սարգսեանն ու Վահրամ Աւանէսեանը հանդիպումներ ունեցած են ԱՄՀ-ի եւ Համաշխարհային դրամատան ղեկավարութեան հետ, քննարկած յառաջիկայ տարիներուն երկու կառոյցներու կողմէ մեր երկրի հետ իրականացուելիք ծրագիրերն ու անոնց ուղղութիւնները:
Կ’ակնկալուի, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին Համաշխարհային դրամատան խումբի անդամ Միջազգային ֆինանսական ընկերութիւնը մեր երկրի տնտեսութեան մէջ պիտի իրականացնէ 160 մլն տոլարի ներդրում:
Համաշխարհային դրամատան ղեկավարներուն հետ քննարկուած են նաեւ Հայաստանի զարգացման նոր ռազմավարութիւնն ու տնտեսութեան տարբեր հատուածներու ուղղութեամբ նոր միջոցներու ներգրաւման առնչուող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի կողմէ ՀՀ-ին տրամադրուելիք տեքնիքական աջակցութեան մանրամասներուն: