«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016. Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Հանդիպեցան Գայեանէ Սողոմոնեանի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/ամառային-դպրոց3.jpg)
Յուլիս 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հանդիպեցան Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեանի հետ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Գայեանէ Սողոմոնեան ներկաներուն ծանօթացուց Հայաստանի հանրակրթական եւ նախադպրոցական ծրագիրներուն, խօսեցաւ դպրոցներու որակի եւ ընելիքներուն մասին: Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց նաեւ աւագ դպրոցի մակարդակն ու գործունէութեան ձեւը եւ աւելցուց, որ այս ուղղութեամբ դեռ շատ ընելիքներ կան:
Սփիւռքահայ ուսուցիչները մեծ ուշադրութեամբ լսեցին եւ իրենց հարցերը ուղղեցին: Յատկապէս ներկաներուն կը հետաքրքրէր կապերու խորացումը եւ Սփիւռքի մէջ դասագիրքերու հետ կապուած խնդիրները:
Տիկին Սողոմոնեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց նաեւ, որ Երեւանի մէջ գործող դպրոցներու եւ սփիւռքեան դպրոցներու հետ կապը թոյլ է եւ առաջարկեց ուսուցիչներուն խորացնել եղած կապերն ու հաստատել նորերը: Առաջարկեց նաեւ շատցնել քոյր դպրոցներու քանակը եւ կատարել փորձի փոխանակում:
Հանդիպման աւարտին Գայեանէ Սողոմոնեան ներկաներուն նուիրեց գիրքեր, որոնք ուսուցիչներու խնդրանքով մակագրուեցան:
Լուսինէ Գրիգորեան
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի կամաւոր, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող