ՀՀ սփիւռքի նախարարի ողջոյնի խօսքը Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան «Մարզիկ» պարբերականի հմնադրութեան 35-ամեակի առիթով
Ն. Գ. պարոն դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան,
Գերաշնորհ Տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան,
ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան,
Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան «Մարզիկ» պարբերականի 35-ամեակը:
Իսկապէս, հիացումի արժանի է ազգային վեհասքանչ արժէքներով մատաղ սերունդը տոգորելու ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ գործունէութիւնը, որուն առանձնակի խանդավառութիւն եւ ոգեշնչող լիցքեր կը հաղորդէ երկարամեայ տպագիր մամուլը:
Դժուար չէ երեւակայել, թէ որքան ջանքեր, ժամանակ, միջոցներ եւ նուիրում պահանջուած է ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն «Մարզիկ-ը հիմնադրելու եւ այս երկար ու ձիգ 35 տարիներու ընթացքին, անընդմէջ տպագրելու համար` ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ մարդկային վեհ գաղափարներով կրթելով ու սնելով երիտասարդ սերունդները:
Պարբերականը իր 35-ամեայ գործունէութեան ընթացքին մշտապէս հանդէս եկած է արժանահաւատ, ամբողջական եւ հետաքրքրական լուրերով` շարունակ լուսաբանելով ՀՄԸՄ-ի եւ առհասարակ մարզական կեանքին վերաբերող իրադարձութիւնները թէ՛ Սփիւռքի, եւ թէ՛ Մայր Հայրենիքի մէջ:
Անշուշտ մեծ է պարբերականի ներդրումը ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու փոխգործակցութեան եւ փոխճանաչման, ինչպէս նաեւ միջազգային մարզական հարթակներուն կառոյցի դերի հանրահռչակման առումով:
Վստահաբար կարելի է փաստել, որ «Մարզիկ»-ի շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը դարձաւ առաւե՛լ հասանելի եւ սիրելի:
Յարգարժա՛ն ՀՄԸՄ-ականներ,
Կը ցանկամ անկեղծ շնորհաւորանքներս յղել նաեւ օրերս Մոսկուայի մէջ բացուած մասնաճիւղի առիթով: Հայահոծ այս տարածաշրջանի մէջ կառոյցի ներկայութիւնը անշուշտ յուսադրող է, հայ ինքնութեան եւ հայապահպանման ուղղութեամբ հսկայան ընելիքներ կան:
Համոզուած եմ, որ նորաստեղծ կառոյցը նոյնպէս հաւատարիմ ՀՄԸՄ առաքելութեան` մեծ լումայ պիտի ներդնէ համայնքային մարզամշակութային կեանքի զարգացման:
Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ բոլորիս, այս երկու կարեւորագոյն իրադարձութիւններու առիթով եւ կը մաղթեմ ամենայն բարիք, նորանոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ` ի փառս աշխարհասփիւռ հայութեան միասնութեան:
Թող յետայսու առաւել եռանդուն կերպով շարունակուի «Մարզիկ»-ի հրատարակումը` փառաւորելով ձեր կառոյցի մեծարժէք ծառայութիւնը:
Յարգանքով`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ