Հոլանտայի Ամենամեծ Հայ Համայնք Ունեցող Ալմելոն Արցախի Կողքին Է

Արդէն յայտնած ենք, որ հոլանտական  քանի մը հայ համայնքներ ու կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը  ցուցաբերած են Արցախին: Անշուշտ, սպասելի պէտք է ըլլար Հոլանտայի մէջ ամենամեծ հայ համայնք ունեցող Ալմելօ քաղաքի նախաձեռնութիւնը:
«Նիտերլանտական օրագիրի» փոխանցմամբ` անցած կիրակի Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու հոգիներուն համար: Այս կապակցութեամբ բացուած բարեգործական հիմնադրամին, բացի Ալմելոյի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններէն’ իրենց օժանդակութիւնը  ցուցաբերած են  նաեւ Նայմեխէն քաղաքի «Միացիալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան անդամները: Արդէն ամրագրուած է աւելի քան 42 հազար եւրօ:
Նախօրօք Հոլանտայի այլ հայ համայնքներ եւս  այս կապակցութեամբ իրենց օգնութիւնն ու աջակցութիւնը  հասցէագրած են հայրենի Արցախին:

ԱլմելոԱլմելո1

Scroll Up