Համահայկական Փառատօն Ֆրանսայի ՄԷջ
Սեպտեմբեր 17-ին, ժամը 11:00-էն մինչեւ 19:00, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմը կը կազմակերպէ իր առաջին համահայկական փառատօնը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն մէկուն` Ալֆորուիլ քաղաքի Կոմիտաս փողոցին մէջ, հայկական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ առջեւ: Փառատօնի աջակիցն է Ալֆորուիլի քաղաքապետարանը:
Ֆրանսայի Հայոց թեմը նպատակ ունի այս տօնական ձեռնարկը կազմակերպել ամէն տարի` յաջորդաբար Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Այս տարուան փառատօնը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին եւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի ստեղծման 10-ամեակին:
Փառատօնի օրը Կոմիտաս փողոցը ամբողջութեամբ փակ պիտի ըլլայ: Պիտի պատրաստուի բեմ եւ պարահարթակ, իսկ յատուկ պատրաստուած տաղաւարներուն մէջ պիտի վաճառուին գիրքեր, յուշանուէրներ, ձեռագործ աշխատանքներ, ուտեստներ եւ այլն:
Երեխաներուն համար պիտի կազմակերպուին հետաքրքիր խաղեր: Պիտի խաղարկուին բազմաթիւ նուէրներ: