«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Երիտասարդական Համաժողովի Հեռաբժշկութեան Աշխատանքային Խումբի Հանդիպումը «Վարդանանց» Բժշկական Կեդրոնին ՄԷջ
Յուլիս 11-ին աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ «Հայաստան. ստեղծենք միասին» երիտասարդական հաւաքի ծիրէն ներս, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնին մէջ կայացաւ «Լոյս» հիմնադրամի հովանիի ներքոյ ձեւաւորուած «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն» հեռաբժշկութեան խումբի հանդիպումը տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդ մասնագէտներու, ուսանողներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան համալսարանի թիւ 1 հիւանդանոցի (plastic) վերականգնողական վիրաբուժութեան եւ մանրավիրաբուժութեան կեդրոնի բժիշկ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու, վիրաբոյժ Գէորգ Եաղճեանը: Ծանօթանալով մասնակիցներուն հետ` պարոն Եաղճեան ներկայացուց Յուլիս 11-14 ինկած ժամանակահատուածին ծրագրուած ընելիքներուն, բժշկական տարրալուծարանէն Գարգարի եւ Ստեփանակերտի մէջ գտնուող բուժկէտերուն հետ կապի հաստատման մասին:
Քննարկուեցան տուեալներու հաւաքագրման, տեղեկատուութեան փոխանակման, խնամքի, սնունդի եւ ֆիզիքական առողջութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներու խնդիրները, ինչպէս նաեւ իրազեկման մակարդակի բարձրացման վերաբերող հարցեր:
«Ես պիտի ըլլամ հեռաբժշկութեան եւ «Գարգար» բժշկական ծրագիրներու համաղեկավարը. մենք կը փորձենք ձեզի հետ միասին ծրագիր մը ստեղծել, որուն արդիւնքները հնարաւորինս կ’օգտագործենք մեր յետագայ աշխատանքներուն մէջ»,- ըսաւ վիրաբոյժ Գէորգ Եաղճեան:
Երիտասարդներուն հետ զրուցեց նաեւ «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրներու տնօրէն Ժաքլին Գարաասլանեան: Ան նշեց, որ հիմնադրամը կ’աջակցի այն ուսանողներուն, որոնք կ’ուսանին աշխարհի 10 լաւագոյն համալսարաններուն մէջ եւ ամէն ամառ պէտք է գան Հայաստան` իրենց ստացած գիտելիքները ներդնելու բժշկութեան ոլորտին մէջ: Այնուհետեւ որոշեցին ստեղծել Գարգար մեկնող մասնակիցներու խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած ուսանողները Գարգարի մէջ կ’ուսումնասիրեն տեղի հիւանդներու խնդիրները, կ’արձանագրեն, կը փորձեն ախտորոշել, այնուհետեւ այդ ախտորոշումը կը համեմատեն «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնի ախտորոշման հետ: Ընտրուեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ մնացողներու խումբը: Հանդիպման ընթացքին համաղեկավարները պատասխանեցին նաեւ մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն: Հեռաբժշկութեան խումբը իր աշխատանքները դարձեալ կը շարունակէ «Վարդանանց» բժշկական կեդրոնին մէջ` բժշկական խումբերուն հետ քննարկելու բժշկութեան շրջանակի ընդլայնման, Գարգարի եւ Ստեփանակերտի մէջ գործող մեկնարկային ծրագիրներու քննարկման, բժշկական աջակցութեան համար անհրաժեշտ նիւթերուն, համակարգչային ծրագիրներուն ու համացանցային կայքերուն վերաբերող հարցեր: