Մկրտութենէն Մինչեւ «Արի Տուն». 13-Ամեայ Հայ Պատանին Առաջին Անգամ Հայաստան Կու գայ

ԱՄՆ Կլէնտել  քաղաքէն Հայաստան եկած 13-ամեայ Դաւիթ Աբրահամեան առաջին անգամ  Հայրենիք կու գայ: ԱՄՆ-ի մէջ ծնած ու մեծցած պատանին, որ հայերէն չի գիտեր, շփոթուած է. «Արի տուն-2016»-ի 4-րդ փուլի հանդիսաւոր բացման արարողութեան, երբ անոր հրաւիրեցին բեմ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ ծրագիրի շապիկն ու գլխարկը հագնելու, տղան լացաւ…«Դաւիթը ամօթխած է եւ յուզական»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին այսպէս մեկնաբանեց որդիին յուզմունքը` Դաւիթի հայրը`  Վիգէն Աբրահամեան:

«Արի տուն» ծրագիրի մասին շատոնց լսած էի, եւ որոշեցի, որ տղաս նոյնպէս գայ  ծրագիրին մասնակցելու, որպէսզի կապուի  հայրենիքին, իր ժողովուրդին հետ: Դաւիթը շատ մեծ ցանկութիւն ունի հայերէն սորվելու: Քանի որ Կլէնտելի մէջ հայկական դպրոց չի յաճախեր, ցաւօք, հայերէն չի գիտեր: Շատ ընդունակ երեխայ է, հետաքրքրուած է մաթեմատիքայով, դպրոցական մրցումներու յաղթող  ճանչցուած է»,-կ’ըսէ Վիգէն Աբրահամեան, որ 27 տարի է, որ Հայրենիքէն դուրս կ’ապրի: Ընտանիքին մէջ Դաւիթը եղբայր ու երկու  քոյր ունի: Ի դէպ, մեծ եղբայրը` Յարութը, անցեալ տարի եկած է Հայաստան եւ կամաւորական ծրագիրով սահմանամերձ գիւղերու մէջ աշխատած: Հէնց ան ոգեւորած է եղբօրը, որ վերջինս նոյնպէս գայ Հայաստան:

Բացի «Արի տուն» մասնակցելէն, Աբրահամեանները եւս մէկ կարեւոր առաքելութիւն ունէին Հայրենիքի մէջ: «Մենք շատոնց կը  մտածէինք, որ փոքր տղուս մկրտութիւնը Հայաստան կատարենք: Իմանալով, որ Աբովեան քաղաքին մէջ իր անունով (Սուրբ Դաւիթ) եկեղեցի կայ, հէնց այնտեղ ալ երէկ մկրտեցինք մեր Դաւիթը»,- կը պատմէ ընտանիքի հայրը ու հայեացքը կ’ուղղէ դեռեւս արցունքոտ աչքերով իրեն նայող տղուն. «Դաւիթը հիմա ալ շատ յուզուած է. անոր համար ամէն ինչ այստեղ նոր է ու անծանօթ»,-կ’եզրափակէ Վիգէն Աբրահամեան` եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի կառավարութեան` ի դէմս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` նման ծրագիր ստեղծելու եւ իրականացնելու համար:

1 2

Scroll Up