Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ԱՄՆ Ուուսթըր Քաղաքէն Ժամանած Ուխտաւորները
Յուլիս 10-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Մասաչուսէթսի Ուուսթըր քաղաքէն ժամանած ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգեշնորհ Տ. Սահակ ծայրագոյն վարդապետ Եմիշեանի: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնելով ուխտաւորները` Հայր Սահակ անդրադարձաւ նաեւ Ուուսթըր քաղաքի պատմութեան` ընդգծելով, որ հայկական համայնքը այնտեղ ունի հնագոյն պատմութիւն:
Այնուհետեւ իր հայրապետական խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` ողջունելով հայորդիներուն` Հայրենիք ուխտաւորաբար այցելելու յանձնառութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը չափազանց կարեւոր նկատեց անոնց կապը Հայրենիքի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հետ` յորդորելով Հայրենիքի տէր ու զաւակ համարել իրենց: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ նման այցերը նաեւ մեծ նշանակութիւն ունին հայրենաբնակ հայորդիներուն համար, որոնք առանձնայատուկ ուրախութիւն կ’ապրին` տեսնելով, թէ ինչպէս Սփիւռքի մէջ իրենց եղբայրները կ’ապրին հայաշունչ կեանքով:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայոց երկրի շինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած լուրջ ներդրման: Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ուխտաւորներուն հայոց կեանքէն ներս անոնց բերած օգտաշատ ծառայութիւններուն համար:
Հանդիպման անդրադարձ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ատոնց յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն: