Արիտունցիները Մասնակցեցան ՀՀ Պետական Խորհրդանշաններու Օրուան Նուիրուած Երթին. լուսանկարներ
Յուլիս 5-ին արիտունցիները մասնակցեցան «Մենք» երիտասարդական շարժման ջանքերով կազմակերպուած երթին: Ոգեշունչ հայրենասիրական երգերու եւ եռագոյն դրօշներու ուղեկցութեամբ` սփիւռքահայ պա
տանիները Ազատութեան հրապարակին վրայ միացան հարիւրաւոր երիտասարդներու քայլերթին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հայկական երկու հանրապետութիւններու եռագոյնները հայրենանուէր երիտասարդներու ջանքերով Ազատութեան հրապարակէն անցան Երեւանի կեդրոնական քանի մը փողոցներով, որ ուշագրաւ շրջապտոյտ կարելի է համարել, եւ դարձեալ վերադարձան Ազատութեան հրապարակ:
Ոգեւորութիւնը աննախադէպ էր ոչ միայն երթի մասնակիցներուն, այլեւ` երեւանցիներուն ու մայրաքաղաքի հիւրերուն համար: