Զամպիայէն Ժամանած Հայ Ուռուցքաբանը Վիրահատութիւններ Կը Կատարէ Շուշիի ՄԷջ

ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Կարինէ Աթայեան ընդունած է Զամպիայէն ժամանած վիրաբոյժ-ուռուցքաբան, փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան արտաքին կապերու բաժինի պետ Հայկ Գրիգորեանը եւ Շուշիի շրջանային բուժմիաւորման տնօրէն Վիգէն Խաչատրեանը:

ՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցամամբ` ծանօթանալով փրոֆէսորի Արցախի մէջ մինչ այժմ կատարած աշխատանքներուն եւ յետագայ ծրագիրներուն, նախարարը ողջունած է անոր ազգանուէր նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպման ժամանակ Կարինէ Աթայեան փաստած է, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, այնպէս ալ ԼՂՀ մէջ ուռուցքաբանական ծառայութեան արդիւնաւէտութիւնը կախուած է ուռուցքային եւ նախաուռուցքային հիւանդութիւններու վաղ յայտնաբերման եւ բուժման գործընթացներէն: Հանդիպման աւարտին Կ. Աթայեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գրիգոր Երզնկացեանին համագործակցութեան եւ Արցախի մէջ իրականացուցած մեծ աշխատանքներուն համար:

Scroll Up