Օգնութիւն Արցախին` Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կողմէ

Յուլիս 1-ին Մարտակերտ կ’այցելէին ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Դադայեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան փոխատենապետուհի Ռուզաննա Աբրահամեան եւ ՀՕՄ-ի գրասենեակի տնօրէն Սուետլանա Պօղոսեան: Աւստրալաբնակ բարերար Տիար Հրայր Զարեհ Թորոսեանի կողմէ տրամադրուած է 16.400 ԱՄՆ տոլար` ՊԲ զինուորներուն որեւէ  բանով օգնելու: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Մարտակերտի շրջանի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի ֆէյսպուքեան էջէն:

Ըստ ՀՕՄ-ուհիներուն, բարերարը այնչափ մտահոգուած է սահմանին կանգնած զինուորին համար եւ ամէն ձեւով կը ձգտի օգնութիւն ցուցաբերել անոնց: Այդ նպատակով  Արցախի ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները այցելած են Մարտակերտ: Անոնց այցի նպատակն էր հանդիպիլ Մարտակերտի, Թալիշի եւ Մատաղիսի ՊԲ-ի ժամկէտային զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն տրամադրելու օգնութիւնը:
Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ անոնք  հանդիպեցան ժամկէտային զինծառայողներու հարազատներուն հետ եւ ներկայացուցին իրենց ծրագիրները: Ամէն մէկ զինուորի յատկացուած էր 100 ԱՄՆ տոլար: Անոնք բոլոր նշեալ բնակավայրերու բնակիչ ժամկէտային զինծառայողներուն համար իւրաքանչիւր 100 ԱՄՆ տոլարէ առողջապահական պարագաներ, քաղցրաւենիք եւ այլ իրերու պարունակութեամբ պայուսակներ  պատրաստած են` դիրքին կանգնած այդ զինուորներուն համար, իսկ ատոր հետ մէկտեղ 60 -ական ԱՄՆ տոլար, որոնք յանձնեցին զինուորներու ծնողներուն: Նշենք, որ պայուսակներուն մէջ դրուած էին զինուորի համար բոլոր անհրաժեշտ իրերը, որոնք արժէքաւոր էին եւ որակով:
Սուետլանա Պօղոսեան, Կարինէ Դադայեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն եւ նշեցին, որ այսօր անոնց որդիները կանգնած են առաջնագիծին եւ իրենց կեանքի գինով անառիկ կը պահեն երկրի սահմանները, իսկ փոխատենապետուհի Ռուզաննա Աբրահամեան նշեց, որ զինուորները պատուով  կատարած են իրենց պարտականութիւնները, հետեւապէս քաղաքագէտները եւ դիւանագէտները եւս պէտք է պատուով կատարեն իրենց առջեւ դրուածը:
ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Մարտակերտի շրջանի հիւանդանոցի բժիշկուհի, զինուորի տատիկ Միլիետա Յովհաննիսեան:

ՀՕՄՀՕՄ1

Scroll Up