Աքշեհիրի Հայկական Եկեղեցին Եւ Պատմական Բաղնիքը Աւերակ Վիճակի ՄԷջ Են
Թուրքիոյ մէջ աւերուած վիճակի մէջ կը գտնուին Աքշեհիրի հայկական եկեղեցին եւ Կեաւուր անունը կրող պատմական բաղնիքը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` Կեաւուր անուամբ բաղնիքը արդէն քանդուելու վտանգի տակ է, իսկ պատմական եկեղեցւոյ պատերուն մեծ ճաքեր յառաջացած են: Սոյն եկեղեցւոյ վերականգնման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած, եկեղեցի, որուն սեփականութեան վկայականը կը պատկանի Աքշեհիրի քաղաքապետարանին:
Աքշեհիրի մէջ 19-րդ դարուն տեղի հայկական համայնքին կողմէն կառուցուած եւ յետագային ժամանակ առ ժամանակ մշակութային ձեռնարկներուն նպատակով օգտագործուած այս եկեղեցին այդպէս ալ չէ վերականգնուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ` չնայած բազմիցս տրուած խոստումներուն:
Ինչպէս կ’ընդգծուի հրապարակման մէջ, պատմական եկեղեցին եւ Կեաւուր կոչուող բաղնիքը անհետ կորսուելու վտանգի տակ են:
Մ.Ա.