ԱՄՆ-ի ՄԷջ Բացուած Է Նոյեան Տապանի Կրկնօրինակը. լուսանկարներ

ԱՄՆ-ի Քենթուքի նահանգին մէջ կառուցուած է Նոյեան տապանի ուշագրաւ կրկնօրինակը` Ark Encounter-ը, որ այսօրուընէ բաց է այցելութեան համար:

 Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, կրաձոյլէ տապանը ունի 155մ երկարութիւն, իսկ ատոր ներսը կան այն բոլոր կենդանիներու կրկնօրինակները, որոնց, ըստ Աստուածաշունչի, ջրհեղեղէն փրկած է Նոյը:

 Տապանի կառուցման աշխատանքները իրականացուցած է Answers in Genesis կրօնական կազմակերպութիւնը, որ կը հաւատայ աշխարհի արարման աստուածաշնչեան տարբերակին:

 Կազմակերպութեան կանխատեսման համաձայն` տապանը յառաջիկայ 1 տարուան ընթացքին պիտի այցելէ 1.4 մլն մարդ, ինչ որ 4 մլր տոլարի եկամուտ պիտի բերէ նահանգային պիւտճէին:

 Յայտնի է, որ Ark Encounter-ի կառուցման համար պահանջուած է 2 տարիէն քիչ ժամանակ, իսկ շինարարական ծախսերը կազմած են մօտ 100 մլն տոլար:

 Հետաքրքրական է, որ տապանի կառուցման աշխատանքներուն ներգրաւուած եղած են բացառապէս քրիստոնեայ մասնագէտներ ու շինարարներ, կը գրէ tert.am-ը:

Նոյյան տապան1Նոյյան տապան2 Նոյյան տապան3Նոյյան տապան3 Նոյյան տապան2Նոյյան տապան1

Scroll Up