«Հայրենիքէն Դուրս Ապրելով` Հայրենիքը Ճանչնալու Հրաշալի Ծրագիր Է «Արի տուն»-ը. Անժելա Ղազարեան

Մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն -2016» հայրենաճանաչողական ծրագիրի 3-րդ փուլը,  որուն մասնակիցներէն քանի մը հոգիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Աշոտ  Պապայեան, ՌԴ,  քաղաք Սարաթով, 16 տարեկան

1dfc8a3c-662c-44d7-b68a-147cffa908de

-Փոքր հասակիս եկած եմ  Հայաստան.  իմ ծնողներս Հայաստանէն  տեղափոխուած են, ես ծնած եմ  Սարաթով: Հայաստանի ու հայոց պատմութեան մասին  շատ  պատմած է հայրիկս: Հայրս պատմած է նաեւ մեր թագաւորներու ու  թագաւորական գերդաստաններու,  մեր  ժողովուրդի անցեալի պատմութեան հերոսական էջերուն մասին: Կը ներէք,  որ ռուսերէնով կը  խօսիմ. գիտե՛մ հայերէն, ուղղակի կը վախնամ սխալ արտայայտուիմ, ոչ  ճիշդ, ոչ գրական բառեր ըսեմ…մեր ընտանիքը հայախօս է,  մենք սրբօրէն կը պահենք ու կը պահպանենք հայոց լեզուն եւ մեր հայկական աւանդոյթներն ու սովորոյթները: Շատ ուրախ եմ,  որ կը մասնակցիմ այս յայտնի ծրագիրին, որուն մասին ինծի պատմած են նախօրօք  ծրագիրին մասնակցած ընկերներս:  Որոշած եմ դառնալ միջազգայնագէտ, ցանկութիւն ունիմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ Հայաստանի մէջ:

 

Ալէն Գրիգորեան,  Ուքրանիա,  Խարքով,  16 տարեկան

4

-Ես ծնած ու մեծցած եմ Հայաստանի մէջ. 11 տարեկան էի,  երբ  ընտանիքով տեղափոխուեցանք Խարքով: Մեր ընտանիքը հայախօս է եւ աւանդապաշտ, որ կ’օգնէ օտար  երկրի մէջ պահպանել ազգային ինքնութիւնը: Ես ունիմ հայ եւ ուքրանացի շատ ընկերներ:  Ծրագիրին մասին լսած եմ  նախկին մասնակիցներէն, համայնքէն,  նաեւ համացանցէն  տեղեկացած եմ:  Հաճելի է շփուիլ տարբեր երկիրներէ եկած քու հասակակիցներուն հետ, ծանօթանալ անոնց  մտածելակերպին,  անոնց երկիրներու   պատմութեան, ապրելակերպին.  այդպիսով մարդու  մտահորիզոնը աւելի  կ’ընդլայնուի: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող հայերը  պէտք է համագործակցին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ,  առաւելապէս`  ներկայիս երիտասարդութիւնը: Կը կարծեմ` «Արի տուն»-ը մեզի կու տայ  այդ հնարաւորութիւնը:  Շատ կը սիրեմ  երաժշտութիւն, պար,  եւ իմ ապագաս կը  տեսնեմ հէնց այդ ոլորտին մէջ:

Մերի  Գրիգորեան,  Լեհաստան, Նիսա, 16  տարեկան

3

-Ծնած եմ Լեհաստան, մտաւորականներու ընտանիքի մէջ, հայախօս ենք: Յաճախակի կու գամ Հայաստան: Ծրագիրի մասին տեղեկացած եմ համացանցէն: Հայաստան ազգականներ ունիմ` մօրաքոյրներ, հօրաքոյրներ, տատիկ, պապիկ: Արմատներով սասունցի ենք,  Աշնակէն: Ամրան առիթ ունեցած եմ արձակուրդս անցնելու Աշնակի մէջ:  Կը մնամ հօրս եւ հօրեղբօրս հիմնած ծիրանի այգիներուն մէջ ….ալ ի՞նչ աշնակցի, որ ծիրան չունենայ…հօրեղբօրս հետ  եկած եմ Լեհաստանէն: Այս ծրագիրի ծիրէն ներս  պէտք է  այցելենք Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ,  որուն համար շատ ուրախ եմ,  քանի որ կ’ուզեմ աւելի լաւ ճանչնալ իմ Հայրենիքս:  Ծրագիրը  հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր երկիրներէ եկած  հայ երիտասարդներուն ծանօթանալու իրար հետ.  հնարաւոր է նաեւ,  որ այդ ծանօթութիւնը հիմք հանդիսանայ հետաքրքիր նախաձեռնութիւններու,  երիտասարդական համահայկական  նոր ծրագիրներու: Նախասիրութիւններուս մէջ առաջին տեղը իմ սիրած  մարզաձեւն է` վոլէյպոլը.  ես ներգրաւուած եմ Նիսայի վոլէյպոլի  հաւաքականին մէջ:  Առ այժմ չեմ որոշած,  թէ ինչ մասնագիտութեամբ   բարձրագոյն կրթութիւն պիտի ստանամ, բայց կը նախընտրեմ շարունակել  բարձրագոյն կրթութիւնս  իմ սիրած մարզաձեւով:

Անժելա Ղազարեան,  Վրաստան,  Նինոծմինտա,  17 տարեկան

2

-Այնչափ ուրախ  եմ, որ  հնարաւորութիւն ընձեռուած է զիս մասնակցելու այս հանրաճանաչ ծրագիրին: Առաջին անգամ  Երեւան կու գամ,  թէեւ Էջմիածին   անգամ մը եկած եմ: Չէի պատկերացներ, թէ ինչպիսին է մեր սիրելի մայրաքաղաքը. այն ինծի համար երազանք էր միայն, եւ այսօր ես այն կը տեսնեմ  իրականութեան մէջ: Շատ  կարդացած եմ  հայ ժողովուրդի  պատմութեան  հերոսական դրուագներուն մասին, կարդացած եմ  հայ մեծանուն գրողներու պատմավէպերը, որոնցմէ  առաւել տպաւորուած եմ «Վարդանանք»-ով: Հայաստան ինծի համար առեղծուածներու, հերոսացումներու երկիր է: Անհամբեր կը սպասեմ, թէ երբ պէտք է այցելենք Գառնիի հեթանոսական տաճար եւ  Գեղարդավանք:  Կը մօտենայ մասնագիտական կողմնորոշման ժամանակը. որոշած եմ տնտեսագէտ դառնալ,  բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ Հայաստանի մէջ: Այնչափ շնորհակալ եմ  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Արի տուն»  ծրագիրի մտայղացման եւ զայն իրականացնելու համար. սա,  հայրենիքէն դուրս ապրելով,  հայրենիքը ճանչնալու  հրաշալի գաղափար է:  Առջեւը դեռ շատ օրեր կան, կը կարծեմ` դեռ շատ հետաքրքիր եւ ուսանելի  ձեռնակներ կ’ունենանք եւ կը հասցնենք աւելի լաւ ճանչնալ մեր  Աստուածընծայ Հայրենիքն ու  մենք մեզի,  մեր նոր ընկերներուն :

Լսելով  այս հայրենաբաղձ երիտասարդներուն` ակամայ կը յուզուիս եւ կը մտածես, թէ որքան երջանիկ ենք մենք`  ներսը ապրողներս,  երջանիկ այն գիտակցմամբ,  որ կ’ապրինք մեր հողին վրայ,  մեր տան մէջ,  ուր , անկախ բոլոր տեսակի դժուարութիւններէն ու հոգերէն,  չունինք կարօտախտի հոգեմաշ զգացողութիւնը:

 Կարինէ  Աւագեան

Scroll Up