Պասքէթպոլ. Հայաստան` Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեան

Պասքէթպոլի Հայաստանի հաւաքականը դարձած է Եւրոպայի փոքր երկիրներու առաջնութեան ախոյեան:

Եզրափակիչին Տիգրան Գեոկչեանի սաները 79:71 հաշուով յաղթած են մրցաշարի նախկին ախոյեան Անտորրային: Քառորդները աւարտած են հետեւեալ ձեւով` 25:12, 18:21, 21:17, 15:21 հաշուով:

Յիշեցնենք, որ խմբային փուլին Հայաստանի հաւաքականը 83:64 հաշուով յաղթած է Մոլտովային, 63:70 հաշուով պարտուած Անտորրային, 92:40 հաշուով պարտութեան մատնած ուելսցիներուն:

Կիսաեզրափակիչին հայ պասքէթպոլիստները 74:60 հաշուով առաւելութեան  հասած էին իռլանտացիներու նկատմամբ:

Scroll Up