Պոլսոյ «Արմէն» Ճամբարի (Քեմփ Արմէն) Վերակառուցման Ծրագիրը` Իրականացման Ճանապարհին

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 1-ին ընդունեց Պոլսոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Գրիգոր Աղաբալօղլուն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Պոլսոյ «Արմէն» ճամբարի (Քեմփ Արմէն) շինարարական-վերականգնողական աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ` ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլը, ճարտարապետներ Ալին Փոնթիօղլուն, Ժան Կաւրիլովը, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի պատասխանատու աշխատող Տելալ Տինքը (Հրանդ Տինքի դուստրը), բարերարներ Յարութ եւ Դալար Խորոզօղլուները: Պատուիրակութեան կ’ուղեկցէին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւի օգնական Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան:

 Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ի դէմս անոնց երախտագիտութիւն յայտնեց ամբողջ պոլսահայութեան` իրենց ազգային ինքնութեան հաւատարիմ մնալու եւ հայօրէն ապրելու օրինակ ծառայելու համար:

 Ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամներուն` Վեր. Գրիգոր Աղաբալօղլուն տեղեկացուց, որ Հայաստան այցելելու հիմնական նպատակներէն մէկը վերջերս մեծ ջանքերու շնորհիւ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ետ ստացած են «Արմէն» որբանոց-ճամբարը, վերականգնողական աշխատանքներուն համար հետաքրքիր գաղափարներ եւ լուծումներ գտնելու ցանկութիւն ունին: Ինչպէս նշեց Վերապատուելին` իրենց երազանքն է, որ նախատեսուող շինութիւնը լաւագոյնս ծառայէ հայ երեխաներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին:

 Պատուիրակութեան անդամ ճարտարապետները նշեցին, որ իրենք արդէն իսկ որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարած են Երեւանի ուսումնակրթական օճախներուն մէջ եւ իրենց ծրագիրի իրականացման համար առաւել մօտ կը համարեն Թումօ ստեղծարար արուեստաբանութիւններու կեդրոնի օրինակը:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հաւանութիւն տուաւ անոնց տեսակէտին` պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու Թումոյի հիմնադիրներուն եւ գործադիր ղեկավարներուն հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելու հարցին մէջ: Ան մաղթեց, որ ապագայ ճամբարը իրապէս դառնայ գիտելիքի, հայոց լեզուի եւ հոգեւոր հաւատքի կեդրոն:

 Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Սթամպուլի Կետիկփաշա թաղամասի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գործող հայաստանցի երեխաներու դպրոցին: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Վերապատուելի Աղաբալօղլուին`  իր ուշադիր եւ սրտցաւ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ դպրոցի հովանաւորներ Յարութ եւ Դալար Խորոզօղլուներուն`  իրենց ֆինանսական աջակցութեան համար:

Տելալ Տինքը ներկայացուց «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող բազմաբնոյթ աշխատանքները, որոնց մէջ ներկայիս շատ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ մատենաշարային  հրատարակութիւն մը, որ պիտի ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու մշակութային յուշարձանները: Ան նախարարին նուիրեց մատենաշարի առաջին հատորը, որ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու մշակութային եւ հոգեւոր յուշարձանները:

Բարձր գնահատելով պատուիրակութեան իւրաքանչիւր անդամի գործունէութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հաւաստիացուց, որ Հայաստանի մէջ խորապէս կը հասկնան Թուրքիա բնակող հայութեան դժուարութիւններն ու ջանքերը եւ յոյս յայտնեց, որ խելամիտ ու ճիշդ քաղաքականութեամբ անոնք կը կարենան յաւերժ պահպանել հայութեան ներկայութիւնն ու լաւագուն աւանդոյթներու շարունակականութիւնը այդ երկրին մէջ:

 Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի հետ կապերու սերտացման, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ամառնային ծրագիրներուն համայնքի երիտասարդներու մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up