Փութինը Եւ Օլանտը Քննարկած Են ԼՂՀ Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցերը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ֆրանսայի ղեկավար Ֆրանսուա Օլանտը հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

Փութինն Օլանտին՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի ղեկավար, տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգիսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման արդիւնքներու մասին։ Միաժամանակ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները յոյս յայտնած են, որ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած արդիւնքները կը նպաստեն խաղաղ գործընթացի առաջընթացին: Փութինն ու Օլանտը պայմանաւորուած են շարունակել աշխոյժ համատեղ աշխատանք Մինսկի խումբի շրջագիծէն ներս։

Մինչ այդ կայացած էր Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտգործնախարարներու հանդիպում, որմէ ետք վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է Ալիեւ-Սարգիսեան հանդիպում կազմակերպել Փարիզի մէջ։

Scroll Up