Գերմանիոյ Մէջ Պէտք Է Հասնինք Հայոց ցեղասպանութեան Ոչ Թէ Ճանաչման, Այլ Դատապարտման. Ցեղասպանութեան Ճանաչման Յանձնախումբ

Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքային յանձնախումբը նախանշած է շարք մը ձեռնարկներ ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ:
Յանձնախումբի անդամ Ժիրայր Քոչարեան հոկտեմբեր 11-ին հրաւիրուած ասուլիսին ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած հիմնական քայլերու անհրաժեշտութիւն կայ յատկապէս նախքան 100-ամեայ տարելիցը, քանի որ անկէ ետք միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացքը առաւել կը դժուարանայ:
«Մենք մշտապէս կը համագործակցինք գերմանացի քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականութեան հետ, որովհետեւ այլ քրիստոնեաներ նոյնպէս թրքական ոճրագործ կառավարութեան կողմէ «ցեղասպանուած են»,-«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` ընդգծեց Պեռլինի համալսարանի դասախօս Ժիրայր Քոչարեան: Ան նշեց, որ 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ իրենք հերթական անգամ դիմած են
գերմանական Պունտեսթագին Հայոց ցեղասպանութեան մասին 2005 թուականին ընդունուած որոշումը վերանայելու համար:
««Հայերու 1915 թուականի հալածանքներու եւ կոտորածներու վերյիշում» փաստաթուղթին մէջ Գերմանական կառավարութիւնը շեշտը կը դնէ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման վրայ, կարծես անոնք խռոված են իրարմէ: Մեզ պէտք է, որ ցեղասպանութիւնը դրուի ոչ թէ ճանաչման, այլ դատապարտման կարեւորութեան վրայ»,- ըսաւ բանախօսը: Այս հարցով հայերը դիմած են Պունդեսթագի չորս կուսակցութիւններուն, որոնք, սակայն, ոչ մէկ յստակ պատասխան չեն տուած իրենց:
Քոչարեանի գնահատմամբ` Թուրքիան «Կրկնայանցագործ է», որովհետեւ ցեղասպանութիւն կատարած է ոչ միայն հայերու, այլեւ` յոյներու, ասորիներու հանդէպ: Յանձախումբի ծրագիրներուն մէջ է նաեւ նոր գիրքերու հրատարակումը, դասախօսութիւններու իրականացումը: Քոչարեան տեղեկացուց, որ շուրջ հինգ տարուան բանակցութիւններէն ետք գերմանական կառավարութիւնը թոյլ չէ տուած իրենց հանրային որեւէ վայրի մէջ ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան կառուցել, սակայն թոյլտւութիւն տուած է կառուցել այն Պեռլինի ամենայայտնի գերեզմանոցներէն մէկուն մէջ:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք թրքական լոպինկին դէմ Հայաստանը պիտի կարենայ պայքարիլ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքային
յանձնախումբի անդամը պատասխանեց, որ իրականութեան մէջ լոպինկի պարագային հայերու հնարաւորութիւնները կը զիջեն, այդ պատճառով իրենք ընտրած են այլ ժողովուրդներու հետ համագործակցելու ուղին:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքային յանձնախումբը կը գործէ արդէն 15 տարի: Այն ունի տարբեր ազգերու քրիստոնեայ անդամներ: Ամէն տարի կը նախաձեռնէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ:
http://armenpress.am