Միչիկընի Նահանգապետ Ռիք Սնայտերը Օրէնք Ստորագրած Է` Յանձնարարելով Ուսուցանել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հանրային Դպրոցներուն ՄԷջ

Միչիկընի նահանգապետ Ռիք Սնայտեր ստորագրած է HB4493 օրէնքը, որմով Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հոլոքոստը (ինչպէս նաեւ այլ ցեղասպանութիւններ) պիտի դասաւանդուին նահանգի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը, նոր օրէնքը կը նախատեսէ ընդհանուր հաշուով 6 ժամ յատկացնել 8-12-րդ դասարաններուն մէջ ցեղասպանութեան մասին կրթութեան:
Օրէնքի պաշտօնական ստորագրումը տեղի ունեցած է Հոլոքոստի յիշատակման կեդրոնին մէջ: Արարողութեան ներկայ եղած են Հայ դատի Միչիկընի յանձնախումբի, հայ համայնքի անդամներ: «Սա շատ կարեւոր օր է մեր նախնիներուն համար: Աւելի քան 100 տարի անց Միչիկընի երեխաները պիտի սորվին Ցեղասպանութեան բոլոր տեսակներուն մասին, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի մասին: Կ’ըսեն` պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ, եթէ մենք ատկէ դասեր չքաղենք: Բարեբախտաբար, երեխաները ապագային պիտի սորվին եւ հասկնան ամէն բան, որ այլեւս երբեք չտեսնեն մարդկութեան դէմ գործուած նման սարսափելի յանցանքներ»,- նշած է Միչիկընի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Լարա Ներսէսեան:
Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քլինթ Քէստոն, որ իր մեծ ներդրումը ունեցած է օրէնքի մշակման եւ ընդունման հարցով, մեծապէս կարեւոր նկատած է դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը: «Այժմ, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, մենք պէտք է գործի դնենք ամէն ջանք` վստահ ըլլալու, որ մեր երիտասարդութիւնը տեղեակ է ցեղասպանութեան պատմութենէն, կը հասկնայ զինք շրջապատող աշխարհը եւ ունի համապատասխան որակներ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար»,- ըսած է Քէստոն: