Արցախցի Երեխաներուն Ամառնային Հանգիստը Երեւանի Մէջ

«Երեւանեան ամառ 2016» եռամսեայ ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներուն Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ մշտապէս ներգրաւուած են նաեւ յատուկ խումբերու երեխաները: Հերթական հետաքրքիր անակնկալը Ապրիլին առաջնագիծին վրայ զոհուած զինծառայողներու 30 արցախցի երեխաներուն համար էր, որոնք իրենց հարազատներուն հետ Երեւանի մէջ էին ԼՂՀ-ի մէջ գործող «Մայրութիւն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ծրագիրով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան  եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի աջակցութեամբ երեխաներուն այցը մայրաքաղաք յիշարժան եւ աւելի հետաքրքիր դարձնելու նպատակով կազմակերպուած է այցելութիւն Երեւանի կենդանաբանական այգի: Երեխաներէն շատերը առաջին անգամ կ’այցելէին այգին, անոնք հաճոյքով զբօսնած են, նստած կարուսելներ, կերակրած կենդանիներուն:

Մայրաքաղաքի փոքրիկ հիւրերուն եւս մէկ հաճելի ականկնալ  մատուցուած է Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ. երեխաները «Երեւան Սիթի Տուր» երկյարկանի հանրակառքով ճանաչողական շրջայց  կատարած են Երեւանի մէջ եւ ծանօթացած պատմամշակութային վայրերուն:

Մշակութային եւ ժամանցային ծրագիրներով յագեցած օրուան աւարտին երեխաները նշած են, որ երեւանեան այցը իրենց արձակուրդային լաւագոյն յիշողութիւններ պարգեւեցին, որոնց մասին պիտի պատմեն ընկերներուն եւ համադասարանցիներուն:

12 13 14 15 16 17

Scroll Up