«Շնորհակալութիւ՛ն, Հայաստան, Շնորհակալութիւ՛ն, Սփիւռքի Նախարարութիւն». Նատիա Տուրաքօղլու Քըլըչեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Արի-տուն1.jpg)
«Արի տուն-2016» ծրագիրի մասնակիցները, բացի Հայրենիքի տեսարժան վայրեր այցելելեն , մայրաքաղաքի Եղ. Չարենցի անուան դպրոցին մէջ կը մասնակցին նաեւ հայոց լեզուի դասընթացներու` այդ ժամանակահատուածին հնարաւորինս գիտելիքներ ձեռք բերելով Մայրենիէն ու գրականութենէն: Դասընթացքը իրականացնող Մայրենիի ուսուցչուհիի յանձնարարութեամբ անոնք իրենց կարծիքները շարադրած են Հայաստանի մասին, ինչպէս նաեւ իրենց շնորհակալական խօսքը յայտնած ջերմ ընդունելութեան համար:
«Առաջին օրերուն շատ յուզուած էի` ընտանիքէս հեռու ըլլալու պատճառով, բայց Հայաստանի մէջ շրջելէ ետք տրամադրութիւնս բարձրացաւ եւ շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ: Իմ հողի ծառերուն ու իմ երկրի ճաշերուն սիրահարուեցայ: Այսօր վերջին օրն է, ատոր համար շատ կը տխրիմ: Հայաստան այսպիսին, այսքա՜ն գեղեցիկ դարձնելու համար հայերը շատ ջանք թափեցին, որպէսզի այն փոխանցեն նոր սերունդին: Շա՛տ շնորհակալութիւն հայաստանցիներուն. շնորհակալութիւ՛ն Հայաստան, շնորհակալութիւ՛ն Սփիւռքի նախարարութեան»,- գրած է 2-րդ փուլի մասնակից Այսիմա Լարիսա Քըլըչերը` Թուրքիայէն:
«-Հայաստա՛ն, բարեւ: Այս ի՜նչ գեղեցիկ է Արարատի տեսարանը:
-Ին՞չ է, դուն չե՞ս տեսած Արարատը այս կողմէն:
-Չէ, չեմ տեսած, շատ հեռու է ինծմէ:
-Նայի՛ր, այնքան ալ հեռու չէ, տեսա՞ր:
-Այո՛… գեղեցիկ է, օրերով կրնամ նայիլ ու չկշտանալ: Հիմա հասկցայ, թէ ինչու այստեղ ամէն ինչի անունը Արարատ է…»,- այսպիսի փոքրիկ զրոյցով մը Հայաստանի մասին իր զգացումները արտայայտած է Թուրքիայէն եկած երեխաներու խումբի ղեկավար, 24-ամեայ Նատիա Տուրաքօղլուն:
«Շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` այս գեղեցիկ ծրագիրին համար. այն մեզի հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ճանչնալու մեր Հայրենիքի մշակոյթը, աւելի մօտէն ծանօթանալու աւանդոյթներուն ու պատմամշակութային արժէքներուն: Շա՛տ շնորհակալութիւն տիկին Շողիկին, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ մեզի սորվեցուց հայոց այբուբենը, սորվեցուց երգեր, պարեր: Այդ ամէնը մեզի համար շատ հետաքրքիր նորութիւն էր»,- իր հիացական վերաբերմունքը արտայայտած է Մոսկուայէն եկած 15-ամեայ Արթուր Մանուկեանը:
«Ես շատ շնորհակալ եմ «Արի տուն» ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն: Ծրագիրի շնորհիւ ես տեսայ իմ Հայրենիքս, սորվեցայ հայերէն խօսիլ, սորվեցայ Հայրենիքիս պատմութեան կարեւոր դրուագները: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հայոց լեզուի ուսուցչուհիին: Շատ ուրախ եմ, որ ընդգրկուեցայ այս կարեւոր ծրագիրին»,-գրած է ծրագիրի 2-րդ փուլի մասնակից Մոսկուայէն եկած 13 տարեկան Մերի Պետրոսեանը:
«Արի տուն» ծրագիրի շնորհիւ ես հրաշալի ամառ անցուցի Հայաստանի մէջ, շփուեցայ տարբեր երկիրներէ եկած հայ երեխաներու հետ: Անսահման շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` մեզի այսպիսի հնարաւորութիւն ընձեռելու համար»,- այսպէս գրած է ՌԴ-ի Օպնինսկ քաղաքէն 14 տարեկան Լիանա Թադեւոսեանը` շարադրութեան վերջաւորութեան իր նկարած խորհրդանշական սրտիկներու պատկերով կարծես կը ցանկար անգամ մը եւս ընդգծել Հայրենիքի ու ծրագիրին հանդէպ տածած իր ջերմ վերաբերմունքն ու երախտագիտութիւնը:
Կարինէ Աւագեան
«Հայերն այսօր»