ԱԳ Նախարարն Ընդունեց «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խումբի Ղեկավարը

Հոկտեմբեր 10-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Վոլֆկանկ Պեօրնզէնը:

Նախարար Նալպատեան` մեծապէս կարեւոր նկատելով  Գերմանիոյ հետ տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան առիթով, յատկապէս կարեւոր  երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը`
օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարներու փոխայցելութիւնները եւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու շփումները:  Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատեց Պեօրնզէնի գործունէութիւնը` որպէս «Գերմանիա-հարաւային Կովկաս» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղ կատարած անոր այցելութիւնը:

Տեղի ունեցաւ միտքերու հանգամանալից փոխանակում  հայ-գերմանական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման, Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up