ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յունիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ Հռոմի Պապի` Հայաստան կատարած այցին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ընդհանրական արարողութեան Մերձաւոր Արեւելքի սփիւռքահայ երեխաներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած էին երեխաներուն Հայաստան տեղափոխելու եւ ձեռնարկը իրականութիւն դարձնելու գործին:
Նախարարը կարեւոր համարեց Յուլիս 6-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի եւ «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի բացման արարողութիւններուն յաւուր պատշաճի կազմակերպումն ու լուսաբանումը եւ յանձնարարեց կազմակերպչական բոլոր խնդիրները լուծել ժամանակին եւ արդիւնաւէտ:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին կատարուած ընթացիկ աշխատանքները, կարեւոր համարուեցաւ համայնքներու հետ աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան ապահովումը եւ աշխուժութիւնը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնակի կարեւոր համարեց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքներու ամփոփումը: Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ ներկայացնել առաջին կիսամեակին կատարուած աշխատանքներու հաշուետուութիւնները: Տրուեցան այլ յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: