Սփիւռքի Նախարարութեան 5րդ Տարեդարձին Առիթով Սիլվա Չաքմաքեան 5000 Տոլար Կը Յատկացնէ «Ասպարէզ»ի Թուայնացման Ծրագիրին
Յայտնի գործարար եւ բարերար Սիլվա Չաքմաքեան, ընդառաջելով «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան դիմումին՝ ստան-ձնած է վերջին հինգ տարիներու թերթի արխիւներու թուայնացման եւ դասաւորման ծախսերը՝ կատարելով հինգ հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը:
Տիկին Սիլվայի քայլը խորհրդանշական արժէք ունէր նաեւ: Ան այս նուէրը կը կատարէր սփիւռքի նախարարութեան հինգերորդ տարեդարձին առիթով, իր գնահատանքը յայտնելով յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անձին ու գործին:
Նկատի առնելով, որ «Ասպարէզ» լայնօրէն կ՛արձագանգէ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան, տիկին Սիլվա յարմար նկատեց այս ձեւով արտայայտել նաեւ իր նեցուկը Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան մթնոլորտի առաւել ջերմացման ճիգերուն:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ տիկին Սիլվային, որ միշտ պատրաստակամ եղած է ձեռք երկարելու թերթիս աշխատանքներուն:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ