Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Պատանիները. Աղօթք Առ Քուէյթ

Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան կը մասնակցին Քուէյթ ապրող` Նարեկ եւ Ալին Զաքարեանները, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած  բուռ մը հողով կը մասնակցին ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:

Կը ներկայացնենք քուէյթահայ պատանիներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:

Նարեկ եւ Ալին Զաքարեանները կը յաճախեն Քուէյթի ազգային վարժարանը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին փոխանցեցին Նարեկն ու Ալինը, ընտանիքին հետ շրջայցի նպատակով գալով Հայաստան` հաճելիօրէն զարմացած են, երբ անոնց առաջարկած են մասնակցիլ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպման արարողութեան: Այս առումով` իրենց միանգամայն բախտաւոր մարդ կը համարեն:

Անոնց մայրը նոյնպէս շատ ոգեւորուած է, որ երեխաները պատմական իրադարձութեան պիտի մասնակցին:
Նարեկի եւ Ալինի նախնիներուն նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան մեծ արհաւիրքը  բաժին հասած է: Անոնք կոտորածի ժամանակ Սասունէն փախած են Սուրիա, ուր ալ հանգրուան  գտած են:

 

Scroll Up