Հայրենի Հողին Վրայ Ոտք Դնելէ Երեք Ժամ Յետոյ Յասմիկ Պապեան Արժանացաւ Պապին Հանդիպելու Երջանկութեան

Հայ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեան ու երգահան Տիգրան Մանսուրեան հանդիպած ու զրուցած են Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ այս մասին գրառում  կատարած է երգչուհին ու տեղադրած լուսանկար:

«Աննկարագրելի զգացողութիւն է, երբ հայրենի հողին վրայ ոտք դնելէ երեք ժամ յետոյ կ’արժանանաս այսօրինակ երջանկութեան: Աղօթքներդ առ Աստուած, ի խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն իմ տառապած ժողովուրդին, մեծ մարդ եւ իրական քրիստոնեայ»,­-ըստ <Հայերն այսօր>-ի` գրած է Յասմիկ Պապեան:

Scroll Up