Հռոմի Պապը Օրհնեց Գիւմրիի Հրապարակին վրայ Հաւաքուածներուն

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Գիւմրիի մէջ է: Ան Վարդանանց հրապարակին վրայ լատինական ծէսով Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ:
Արարողութեան համար յատուկ կառուցուած է 26 մեթր երկարութեամբ խորան, որուն գագաթին տեղադրուած է 2 մեթր բարձրութեամբ խաչ: Պապէն բացի, արարողութեան կը մասնակցի 100 հոգեւորական: Պատարագը կը մատուցուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի աղօթակցութեամբ: Պատարագի հիմքին Ինկած է հաղորդութեան սկզբունքը:
Հոգեւոր երկու առաջնորդները նախ օրհնեցին հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդը եւ սկսան Սուրբ Պատարագը: